Ցեղասպանութեան նուիրուած հատոր մը՝ «Մարդկութիւն՝ անմարդկութեան մէջ»

Ապրիլի կիսուն լոյս պիտի տեսնէ Շաքէ Եայլայեան-Սէթեանի հեղինակած «Մարդկութիւն՝ անմարդկութեան մէջ» («Humanity in the Midst of Inhumanity») հատորը, որուն մէջ հեղինակը ոչ միայն Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքին կ՛անդրադառնայ՝ ականատեսներու եւ այլ աղբիւրներու վկայութեամբ, այլ նաեւ շեշտը կը դնէ Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ անկէ ետք հայութեան օժանդակութեան ձեռք երկարողներուն վրայ:

Շաքէ Եայլայեան-Սէթեան զաւակն է Ցեղասպանութենէն վերապրած հայորդիներու, որոնք նախընտրած են Ցեղասպանութեան մասին չխօսիլ իրենց զաւակին, ինչի հետեւանքով ալ ան իր սեփական ջանքերով տեղեկութիւններ հաւաքած է այդ ահաւոր իրադարձութեանց մասին եւ միայն անկէ ետք է, որ մայրը սկսած է որոշ տեղեկութիւններ փոխանցելու անոր:

Ան հատորին մէջ անդրադարձած է նաեւ ամերիկահայութեան առաջին սերունդներուն դիմագրաւած խտրականութեանց եւ դժուարութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ուրացման դէմ Թուրքիոյ իշխանութեան տարած աշխատանքին:

Կրթական մարզի մէջ իր դոկտորական կոչումը Մեսեչուսեցի համալսարանէն ստանալէ ետք Սէթեան դասաւանդած է նոյն նահանգի Սփրինկֆիլտի ու Քէյփ Քատի համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի համալսարանին մէջ: Ան նաեւ, իբրեւ անկախ կամաւոր, մէկ տարի աշխատած է Արցախի մէջ:

Գիրքը կարելի է ապսպրել www.Xlibris.com կայքէն կամ հեռաձայնելով (617) 489-1610 թիւին:

http://asbarez.com/arm/126978/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ