
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) հիմնադրութենէն այս կողմ Թուրքիոյ քաղաքական դաշտի վրայ մեծ ներդրում ունեցած քաղաքական գործիչ Սելահատտին Տեմիրթաշ 31 Մայիսին հրապարակեց քաղաքական դաշտէն հեռանալու իր որոշումը։ Ան իբրեւ իւրայատուկ կերպար, եթէ յաջողեցաւ իր ժողովուրդի ջերմ համակրանքին արժանանալ, բնականաբար արժանացաւ նաեւ իր հակառակորդներու, այս պարագային թուրք ազգայանականներու հալածանքին։ Այդ հալածանքի հետեւանքով ան վերջին վեց տարիները կը…