Բացայայտումներ Էօճալանի պաշտօնակոչման մասին

•

Հան­րա­պե­­տու­­թեան Նա­­խագա­­հի Գլխա­­ւոր Խորհրդա­­կան Մեհ­­մէտ Ու­­չում յայ­­տա­­­րարեց թէ ՓՔՔ-ի առաջ­­նորդ Ապ­­տուլլահ Էօճա­­լան, գոր­­ծընթա­­ցին շրջա­­նակին մէջ ստեղ­­ծո­­­ւած Զի­­նաթափ­­ման եւ Ռազ­­մա­­­վարա­­կան Հա­­մակարգման Են­­թա­­­յանձնա­­խումբին մէջ պաշ­­տօն պի­­տի ստանձնէ։

Ու­­չում ըսաւ թէ Իմ­­րա­­­լըյի մէջ կա­­ռու­­ցուած բնա­­կարա­­նը բան­­տին կցո­­ւած լրա­­ցու­­ցիչ մէկ միաւոր է։ Ան այս կի­­րառու­­մը գնա­­հատեց հե­­տեւեալ բա­­ռերով. «Ասի­­կա բան­­տին տրո­­ւած հնա­­րաւո­­րու­­թիւն մըն է, որ­­պէսզի բան­­տարկեալը իր դե­­րը լաւ կա­­տարէ։ Ասի­­կա հան­­գիստ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին մի­­ջավայ­­րի մը հաս­­նե­­­լու հա­­մար ստեղ­­ծո­­­ւած հնա­­րաւո­­րու­­թիւն մըն է»։

«Էօճա­­լան են­­թա­­­յանձնա­­խումբին մէջ պաշ­­տօ­­­նեայ պի­­տի ըլ­­լայ»

Մինչ գոր­­ծընթա­­ցը կը շա­­րու­­նա­­­կուէր, Էօճա­­լանի «կար­­գա­­­վիճա­­կը» եւ վեր­­ջին օրե­­րուն Իմ­­րա­­­լըյի մէջ կա­­ռու­­ցո­­­ւած շի­­նու­­թիւնը վէ­­ճի նիւթ դար­­ձան։ Հան­­րա­­­պետու­­թեան Նա­­խագահ Էր­­տո­­­ղանի գլխա­­ւոր խորհրդա­­կան Մեհ­­մէտ Ու­­չում, գոր­­ծընթա­­ցին վե­­րաբե­­րեալ բա­­ցատ­­րութիւններ տո­­ւաւ։

Ու­­չում, Էօճա­­լանի հետ վա­­րուած գոր­­ծընթա­­ցը «երկխօ­­սու­­թեան» հիմ­­քի վրայ ըն­­կա­­­լելու անհրա­­ժեշ­­տութիւ­­նը շեշ­­տե­­­լով, ըսաւ.

«Էօճա­­լանի հետ վա­­րուած երկխօ­­սու­­թեան գոր­­ծընթաց մըն է։ Նպա­­տակը ու­­նի իր գի­­նը։ Ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան լու­­ծա­­­րու­­մը ապա­­հովելն է։ Կազ­­մա­­­կեր­­պութիւ­­նը ո՛վ որ հիմ­­նած է, զէն­­քը ո՛վ որ գոր­­ծա­­­ծել տո­­ւած է, զայն ալ ան պի­­տի լու­­ծէ։ Այ­­լա­­­պէս պե­­տու­­թիւնը անվտան­­գութեան քա­­ղաքա­­կանու­­թեամբ կ’ընէ։ Երկխօ­­սու­­թեան մէջ դի­­մացի­­նը նկա­­տուած ան­­ձին, իր այս պաշ­­տօ­­­նը լաւ կա­­տարե­­լու հա­­մար, յանձնա­­խումբի մը մէջ պաշ­­տօ­­­նավա­­րելը՝ աւե­­լի հան­­գիստ մի­­ջավայ­­րի մը մէջ աշ­­խա­­­տելու անհրա­­ժեշ­­տութիւն մըն է, տրո­­ւած ար­­տօ­­­նու­­թիւն մը չէ։ Պաշ­­տօ­­­նին պա­­հան­­ջած մի­­ջավայ­­րը ապա­­հովե­­լէ բա­­ցի ու­­րիշ բան չէ, աս­­կէ դուրս եղած­­նե­­­րը ճիշդ չեն»։

«Շրջա­­նային օրէն­­քով» հիմ­­նո­­­ւած Հսկո­­ղու­­թեան եւ Գնա­­հատ­­ման Խոր­­հուրդին աշ­­խա­­­տանքնե­­րուն մա­­սին խօ­­սելով, Ու­­չում նշեց թէ չորս են­­թա­­­յանձնա­­խումբ հիմ­­նո­­­ւած է։ Ու­­չում յայ­­տա­­­րարեց թէ Զի­­նաթափ­­ման եւ Ռազ­­մա­­­վարա­­կան Հա­­մակարգման Են­­թա­­­յանձնա­­խումբին մէջ Էօճա­­լանի պաշ­­տօն պի­­տի տրո­­ւի։

Ու­­չում ըսաւ թէ օրէն­­քին մէջ ան­­հատնե­­րու օգ­­տա­­­գործման վե­­րաբե­­րեալ կա­­նոնա­­կար­­գումներ կան, եւ պաշտպա­­նեց թէ դա­­տապար­­տեալի մի­­ջոցաւ վա­­րուած երկխօ­­սու­­թիւնը հա­­կաօրի­­նական չէ՝ հե­­տեւեալ խօս­­քե­­­րով. «Եթէ դուն դա­­տապար­­տեալի մը մի­­ջոցաւ երկխօ­­սու­­թիւն մը կը վա­­րես՝ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան լու­­ծարման վե­­րաբե­­րեալ, ասոր մէջ հա­­կաօրի­­նական վի­­ճակ մը չկայ։ Սո­­վորա­­կանէն դուրս գոր­­ծընթաց­­նե­­­րը, սո­­վորա­­կանէն դուրս մե­­թոտ­­նե­­­րով կը լու­­ծո­­­ւին»։

«Օրի­­նակա­­նօրէն պաշ­­տօ­­­նական պաշ­­տօն մը չէ»

Ու­­չում ըսաւ. «Ասի­­կա օրի­­նակա­­նօրէն պաշ­­տօ­­­նական պաշ­­տօն մը չէ։ Ի վեր­­ջոյ յանձնա­­ժողո­­վին կա­­ռոյ­­ցին մէջ ամէն ան­­ձէ օգ­­տո­­­ւելու վե­­րաբե­­րեալ օրէն­­քին մէջ կա­­նոնա­­կար­­գում մը կայ։ Եթէ դուն դա­­տապար­­տեալի մը մի­­ջոցաւ երկխօ­­սու­­թիւն մը կը վա­­րես՝ ահա­­բեկ­­չա­­­կան կազ­­մա­­­կեր­­պութեան լու­­ծարման, զէնք վար դնե­­լու վե­­րաբե­­րեալ, անոր ալ այդ գոր­­ծընթա­­ցը յա­­ռաջաց­­նե­­­լու հա­­մար ստանձնած պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը կա­­տարե­­լու հա­­մար հնա­­րաւո­­րու­­թիւն մը կու տաս։ Ասոր մէջ հա­­կաօրի­­նական կողմ մը չկայ։ Սո­­վորա­­կանէն դուրս գոր­­ծընթաց­­նե­­­րը սո­­վորա­­կանէն դուրս մե­­թոտ­­նե­­­րով կը կա­­ռավա­­րուին։ Ահա­­բեկ­­չութե­­նէ Զերծ Թուրքիոյ գոր­­ծընթա­­ցը սո­­վորա­­կան, գոր­­ծընթաց մը չէ. ասի­­կա ար­­տա­­­ռոց, սո­­վորա­­կանէն դուրս գոր­­ծընթաց մըն է։ Սո­­վորա­­կանէն դուրս գոր­­ծընթաց­­նե­­­րը սո­­վորա­­կան մե­­թոտ­­նե­­­րու սահ­­մա­­­նափա­­կումնե­­րով չես կրնար յա­­ռաջաց­­նել։ Հոս Էօճա­­լանի հետ կա­­պուած մշա­­կուած մօ­­տեցու­­մը՝ այս սո­­վորա­­կանէն դուրս գոր­­ծընթա­­ցին մէջ դեր մը ստանձնած, այդ դե­­րին պա­­հանջնե­­րը կա­­տարե­­լու հա­­մար որոշ հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րու տէր ըլ­­լա­­­լու պար­­տադրանք ու­­նե­­­ցող ան­­ձի մը տրո­­ւած հնա­­րաւո­­րու­­թիւններ են։ Տրո­­ւած հնա­­րաւո­­րու­­թիւննե­­րը՝ զէնք հայ­­թայթման գոր­­ծընթա­­ցին վե­­րաբե­­րեալ իր պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րուն կա­­տար­­ման հա­­մար են։ Սո­­վորա­­կան գոր­­ծընթաց­­նե­­­րու տե­­սան­­կիւնէն այս գոր­­ծընթա­­ցը քննա­­դատել, գնա­­հատել՝ անար­­դա­­­րու­­թիւն պի­­տի ըլ­­լայ»։

Տե­­միր­­թա­­­շի կա­­ցու­­թիւնը

Ու­­չում խօ­­սեցաւ նաեւ 2016 Նո­­յեմ­­բե­­­րէն ի վեր ձեր­­բա­­­կալո­­ւած ՀՏՓ-ի նախ­­կին հա­­մանա­­խագահ Սե­­լահատ­­տին Տե­­միր­­թա­­­շի կա­­ցու­­թեան մա­­սին։ Ու­­չում նշե­­լով թէ Տե­­միր­­թա­­­շի դի­­մում ընե­­լուն դէմ որե­­ւէ ար­­գելք չկայ, ըսաւ. «Ան­­ձին եւ կազ­­մա­­­կեր­­պութեան տե­­սակէ­­տէն իր դա­­տական թղթած­­րա­­­րը այս շրջա­­նակին մէջ կը մտնէ՞ ար­­դեօք, ասի­­կա պի­­տի գնա­­հատո­­ւի, որո­­շու­­մը վե­­րաբե­­րեալ դա­­տարա­­նը պի­­տի տայ»։

https://www.agos.com.tr/am/news/patsahahdvwmnyr-eocalani-bashdonagvchman-masin-41953

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

September 2026
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
282930  

Արխիւ