Հայոց ցեղասպանութեան շուրջ գերամանացիներու ուշադրութիւնը գրաւելու ձեր մասնակցութիւնը կարեւոր է

Գերմանիոյ Պունտսքանսլըր առաջարկներ կը հաւաքէ ապագային ընդունուելիք օրէնքներուն համար:

Ներկայացուած հազարաւոր առաջարկներու շարքին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման (ու անոր ժխտումը դատապարտելու) մասին առաջարկը երրորդ տեղն է։ Այս մասին կը գրէ «Հայելի» կայքը։

Նկատի ունենալով Գերմանիոյ մէջ ապրող հայերու փոքր թիւը` այս տեղը ամրապնդելու կամ առաջ մղելու համար անհրաժեշտ են ձեր քուէները:

Քուէարկելը շատ հեշտ է, նոյնիսկ կարիք չկայ արձանագրուելու: Քուէարկեցէք ու նաեւ այս լուրը տարածեցէք համացանցի մէջ:

Քուէարկութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլ 15: Նոր քուէարկութիւն հնարաւոր է իւրաքանչիւր ժամը մէկ, այնպէս որ` կրնաք քուէարկել քանի մը անգամ:

Քանի որ էջը գերմաներէն է, կը ներկայացուի քուէարկութեան կարգը.

1-     Այցելէք այս էջը 

2-     Գտէք Gesetz gegen die Leugnung des Völkermordes an den Armeniern und Aramäern” նախադասութիւնը.

3-     Սեղմեցէք Ja, ich unterstütze diesen Vorschlag ստեղնը:

Ասիկա մեծ հնարաւորութիւն է Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ գերամանացիներու ուշադրութիւնը գրաւելու համար՝ նկատի առնելով համաշխարհային առաջին պատերազմին Օսմանեան կայսրութեան եւ Գերմանիոյ դաշնակցութիւնը:

Մինչ այժմ առաջարկը տասներորդ տեղէն փոխադրուած է երրորդ տեղ, ձեր օգնութեամբ զայն կարելի է տանիլ առաջին տեղ:

http://tert.am/hy/news/2012/04/03/help/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ