Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանը կազմակերպած է արշաւ` թուրքերու եւ հայերու միջեւ «բարեկամանական յարաբերութիւններ» ստեղծելու նպատակով եւ կոչ կ’ուղղէ հայ համայնքին՝ միանալու այդ արշաւին:
Համաձայն ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթի ունեցած տեղեկութիւններուն` Թուրքիոյ հիւպատոսարանը կը ձգտի ներգրաւել համայնքի ղեկավարները, ձեռնարկատէրերուն, գործարարներուն` մարդոց, որոնք, ըստ իրենց, պիտի նպաստեն Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան` ստեղծելով համագործակցութեան շինծու մթնոլորտ:
«Իրականութեան մէջ ասիկա շատ վտանգաւոր նախաձեռնութիւն է, որ խոր արմատներ նետած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Կասկածներու առիթ կու տայ նաեւ ընտրուած ժամանակը` Ցեղասպանութեան տարելիցի նախօրէն. Թուրքիան ամէն ինչ կ’ընէ, որպէսզի թաքցնէ իր կատարած յանցագործութիւնը` ներգրաւելով ԱՄՆ-ի հայ համայնքը:
Թուրքիոյ հիւպատոսարանը կ’օգտագործէ իր բոլոր կապերն ու լծակները՝ հայերուն հետ կապ հաստատելու համար: Դժբախտաբար կան մարդիկ, որոնց համար նիւթական գործօնը աւելի կարեւոր է, քան Հայկական հարցի արդար լուծումը` մասնաւորապէս ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը: Այս մարդիկ կրնան ծառայել իբրեւ բանագնաց այս զզուելի նախաձեռնութեան մէջ»,- կը յայտնէ հայկական պարբերականը:
«Ասպարէզ» նաեւ կը նշէ, որ զուգահեռ կը գործեն նաեւ լաւ ֆինանսաւորուած կազմակերպութիւններ` այսպէս կոչուած «կամուրջներ», որոնք կը փորձեն ներգրաւել ԱՄՆ-ի հայ համայնքը նմանատիպ նախաձեռնութիւններու մէջ:
Հայաստանի ԱԳՆ-ն իր դեսպանատան, հիւպատոսարանի միջոցով նոյնպէս կրնայ մասնակցիլ այս գործընթացին եւ դատապարտել այս նախաձեռնութիւնը, որ միտուած է պառակտելու ԱՄՆ-ի հայ համայնքը»,– կ’եզրափակէ «Ասպարէզ»ը:
http://tert.am/hy/news/2012/04/04/la-turks-armenians/



Leave a Reply