CNNturk հեռուստաընկերութեան եթերէն Ահմեթ Հաքանի հեղինակային «Չէզոք գօտի» հաղորդաշարի հերթական թողարկման թեման եղած է Հայկական հարցը: «1915, համատեղ ցաւ» խորագիրով հաղորդման մասնակցած են հայ մտաւորական Կարօ Փայլան, «Ռատիքալ» թերթի լրագրող Օրհան Քեմալ Ճենկիզ, Թուրքիոյ պատմութեան ուսումնարանի հայկական ամպիոնի ղեկավար Քեմալ Չիչէք, նախկին պատգամաւոր Ուլուչ Կուրքան եւ Կիրեսունի համալսարանի ղեկավար Այկուն Աթթար:
Այսօր արդէն, Օրհան Քեմալ Ճենկիզ իր սիւնակին մէջ յայտնած է հաղորդման մասին իր ունեցած տպաւորութիւններուն մասին:
«Իբրեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող մէկը, ես երբեմն յոյսով կը լեցուիմ, իսկ երբեմն շատ յոռետես կը դառնամ: Այս երկու տրամադրութիւնները ամէն օր կը յաջորդեն իրարու»,- գրած է ան:
Քեմալ Ճենկիզ տեղեկացուցած է, որ բանավէճին մէկ կողմը եղած են ինք եւ հայ մտաւորական Կարօ Փայլան, միւս կողմը` ազգայնական թեւը` Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն գործիչ մը եւ թուրք երկու պատմաբան:
«Պաշտօնական տեսակէտներու անձրեւ տեղաց մեր վրայ: Իրօք զայրացնող էր տեսնել, որ այդ մարդիկ երբեք, գոնէ քիչ մը չեն ցանկանար փոխել իրենց տեսակէտը: Անոնք չեն փորձեր աւելի խելացի ըլլալ: Բանավէճը շատ թէժ էր, եւ երբեմն մեր «պաշտօնական պատմաբանները» այնպիսի խօսքեր կ’ըսէին, որ մենք կը ցնցուէինք: Օրինակ` անոնցմէ մէկը Կարոյին ըսաւ, որ ինք կրնայ մեռնիլ Քալիֆորնիոյ մէջ, ինչպէս իր նախնիները: Եւ այս պարոնը Թուրքիոյ պատմութեան ուսումնարանի պատմաբան է, որ պատասխանատու է Հայկական հարցին համար»,- գրած է ան:
«Ժողովուրդ մը վերացած է այս հողերէն, եւ այստեղ դեռ անոր անունը չենք տուած»,- հաղորդման ընթացքին ըսած է Կարօ Փայլան:
Օրհան Քեմալ Ճենկիզ իր հերթին նշած էր` 1915-ի իրադարձութիւններու բնութագրութեան քննարկման փոխարէն, պէտք է հասկնալ, թէ իրականթեան մէջ ի՞նչ պատահած է Թուրքիոյ մէջ ապրող հայերուն հետ:
«Մենք բառերու ետեւէն իյնկած ենք ու կը փորձենք ապացուցել` այդ մէկը «ցեղասպանութիւն» էր, թէ՝ ոչ: Անիկա չէ կարեւորը: Կարեւոր փաստը այն է, որ այստեղ հայեր կային եւ հիմա չկան, պէտք է հասկնալ, թէ ի՞նչ եղաւ անոնց, ո՞ւր անհետացան: Միայն «ցեղասպանութիւն» բառէն կառչած մնալը մեզ կը խանգարէ զգալ: Հայ ընտանիքները տեղահանուած են, աքսորուած, անոր անուանումը ինչքան կարեւոր է: Աւելի կարեւոր է հասկնալ, թէ այդ դէպքերը ի՞նչ «քաղաքական երկրաշարժ յառաջացուցին» Թուրքիոյ մէջ, ինչպիսի՞ ինքնութիւն ստեղծուեցաւ: Ինչպիսի՞ Թուրքիա ունեցանք անցած 100 տարիներուն ընթացքին: Մնացեալը դատարանի մէջ պէտք է քննարկել»,- ըսած է ան:
Թրքական պաշտօնական տեսակէտին պնդումներուն, թէ հայկական զինուած խումբերն ալ ապստամբութիւն բարձրացուցած էին եւ կը կոտորէին թուրքերը, Կարօ Փայլան արձագանգած է,- «Անոր համար ամենեւին անհրաժեշտ չէր ողջ ժողովուրդ մը վերացնել: Կարելի էր դատել, պատժել որոշ մարդոց, որոնց թիւը այնքան ալ շատ չէր»:
Թրքական պաշտօնական կողմին պնդումները, թէ պատերազմ եղած է եւ ո’չ կոտորած, եւ թէ «Ռատիքալ»ի լրագրողն ու հայ մտաւորականը անգիր խօսքեր կ’ըսեն, զայրացուցած է Կարօ Փայլանը:
«Ես ձեզի իմ ընտանիքիս պատմութիւնը կը պատմեմ, իմ պապերուս պատմութիւնը: Մալաթիայէն 15.000 հայ տեղահանուեցաւ, եւ ընդամէնը քանի մը հարիւրը փրկուեցան»,- ըսած է ան:
Կարօ Փայլան զայրացած է նաեւ անկէ, որ թուրք պատմաբանները պարբերաբար շեշտած են իր հայ ըլլալուն հանգամանքը:
«Խտրականութիւն մի դնէք ու մի կրկնէք, որ ես հայ եմ: Ես Թուրքիայի Հանրապետութեան քաղաքացի եմ, ինչպէս որ իմ պապերս էին Օսմանեան կայսրութեան քաղաքացիներ: Մենք նոյնպէս այս հողերուն վրայ ապրելու իրաւունք ունինք»,- ըսած է ան:
Իր սիւնակին մէջ Օրհան Քեմալ Ճենկիզ գրած է,- «Ես դուրս ելայ հեռուստաընկերութենէն գլխացաւով եւ լրջօրէն մտահոգուած այս երկրի ապագային համար: Սակայն մէկ օր անց «Ռատիքալ»ի մէջ կարդացի իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) հիմնադիրներէն մէկուն` Իսմեթ Ուչմայի հարցազրոյցը եւ դարձեալ յոյսով լեցուեցայ»:
Իսմեթ Ուչման նշած էր, որ պէտք է ներողութիւն խնդրել հայերէն:
«Անկախ անկէ, թէ ես համաձայն եմ ԱԶԿ-ական պատգամաւոր Իսմեթ Ուչմայի իւրաքանչիւր բառին թէ՝ ոչ, անոր խօսքերը ինծի յոյս կու տան: Յոյս, որ աւելի շատ մարդիկ կան, որ կը մտածեն անոր նման եւ կ’արտայայտուին ազատօրէն: Խնդրի լուծման բանալին երկու կողմերու` հայերու եւ թուրքերու ոչ ազգայնական մասի ձեռքերուն մէջ է, եւ թող Աստուած օրհնէ անոնց»,- գրած է ան:
Leave a Reply