Ան միշտ հայ մնացած է՝ առանց արմատներու. Huffington Post-ի լրագրողի մեծ հօր պատմութիւնը

«Թուրքիան կրնայ հերքել իր կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան փաստը, սակայն կան մարդիկ, որոնք վերապրած են ցեղասպանութենէն: Մենք կը ճանչնանք զանոնք, մենք գիտենք թէ դուք ինչ ըրած էք»,- այսպէս կը սկսի իր պատմուածքը Huffingtonpost-ի լրագրող Քորտնի Քաշա, որուն մեծ հայրը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուածներէն մէկը եղած է:

Քորտնի Քաշէի խօսքերով, իր մեծ հայրը` Մարսէլ Քաշա (Միսաք Քաջատուրեան), փրկուած է յոյն միսիոներներուն շնորհիւ, որոնք զինք տեղաւորած են Յունաստանի որբանոցներէն մէկուն մէջ: Տարիներ անց ան մեկնած է Ֆրանսա` Մարսէյլ, ուր աշխատած է ագարակի մը մէջ: Ֆրանսայի իշխանութիւնները առաջարկած են անոր փոխել ազգանունը, որպէսզի աւելի հեշտ ընդելուզուի ֆրանսական հասարակութեան մէջ: Եւ ան Միսաք Քաջատուրեանէն (Խաչատուրեան) դարձած է Մարսէլ Քաշա: Հեղինակը կը պատմէ, որ Մարսէյլի մէջ ան ծանօթացած է իր մեծ մօր` Արտեմիս Թաշճեանի հետ: Անոնք ամուսնացած են եւ ունեցած մէկ որդի (հեղինակի հայրը)` Մարք անունով:

Համաշխարհային Բ. պատերազմի ժամանակ Միսաք պատերազմած է ֆրանսական բանակին կողմէ եւ անմիջապէս գերի իյնկած: Ան քանի մը տարի անցուցած է գերմանական գերութեան մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք ան խօսած է անգլերէն լեզուով՝ գերմանական առոգանութեամբ: Միսաք վարժ խօսած է ո’չ միայն գերմաներէն, այլ նաեւ թրքերէն, յունարէն, հայերէն եւ ֆրանսերէն:
1969-ին, կնոջ մահէն ետք ան կը մեկնի Նիւ Եորք` որդիին մօտ: Միսաք չէր գիտեր իր ծննդեան տարեթիւը եւ չունէր ոչ մէկ հարազատ` բացի տղայէն ու թոռնուհիէն, եւ անոր պատմած է, որ իր մանկութենէն կը յիշէ շատ մարդոց:
Քորթնի մեծ հօր կը յիշէ, իբրեւ «անսահման բարի անձնաւորութիւն»: Անոր խօսքերով` հակառակ կրթութեան պակասին, ան եղած է շատ խելացի մարդ, զբաղած է նկարչութեամբ, ունեցած է շատ գեղեցիկ այգի, որ անցորդները ստիպած է կանգ առնել եւ հիանալ անով:
«Նիւ Եորքի մէջ քանի մը տարի ապրելէ ետք ան վերադարձած է Մարսէյլ: Ան երջանիկ էր այնտեղ: Ի վերջոյ, անիկա իր մօտաւոր հայրենիքն էր»,- կը նշէ թոռնուհին: Անոր խօսքերով` Մարսէյլի մէջ դեռ կ’ապրին իր զարմիկները:
Թէեւ ան շատ սիրած է Ֆրանսան, բայց «միշտ հայ մնացած է` առանձ արմատներու եւ մանկութեան մշուշոտ յիշողութիւններով»: Այնուամենայնիւ ան ամուսնացած է հայ կնոջ հետ, աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալած է հայ համայնքին մէջ եւ ընտանիքի հետ յաճախած է հայկական եկեղեցի:
Հեղինակը կը գրէ, որ իր ամուսինը նոյնպէս հայ է եւ, որ իրենք իրենց զաւակները կը դաստիարակեն հայկական ոգիով ու կը շեշտեն, որ «ինչ ալ ըլլայ, իրենք պիտի դիմակայեն, ինչպէս իր մեծ հայրը»:

Այնուհետեւ յօդուածի հեղինակը կը մէջբերէ հատուած մը Ուիլեամ Սարոյեանէն,- «Ես կը փափաքէի տեսնել որեւէ ուժ, որ պիտի ոչնչացնէր այս ցեղը, այս անկարեւոր մարդոց փոքրիկ տոհմը, որուն բոլոր պատերազմները տանուլ տուած են, որուն գրականութիւնը ընթերցուած չէ, որուն երաժշտութիւնը լսուած չէ եւ աղօթքները անպատասխան են: Ոչնչացուցէք Հայաստանը, եթէ կրնաք: Ուղարկեցէք զանոնք անապատ`առանց հացի եւ ջուրի. Այրեցէք անոնց տուներն ու եկեղեցիները: Սակայն անոնք, միեւնոյնն է, կրկին պիտի ծիծաղին, պիտի երգեն, պիտի աղօթեն: Երբ երկու հայ հադիպին աշխարհի որեւէ վայրի մէջ, անոնք պիտի ստեղծեն Նոր Հայաստան»:

«Անոնց, որոնք կը հերքեն Ցեղասպանութիւնը, ես միայն մէկ բան կ’ըսեմ,- մենք գիտենք, որ դուք իրականացուցած էք այդ, աշխարհն ալ գիտէ: Ատիկա միշտ պիտի մնայ ձեր պատմութեան սեւ բիծը, որ պիտի չկնաք ջնջել` որքան ալ, որ ուզէք: Աւելին` Միսաքի նման Ցեղասպանութենէն վերապրածները գիտեն, որ դուք ատիկա ըրած էք»,- կ’եզրափակէ Քորտնի Քաշա:

http://tert.am/hy/news/2012/04/27/genocide-cachet/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ