Լիբանանցի անձնաւորութիւններ տակաւին կը շարունակեն իրենց զօրակցութիւնը յայտնել հայ ժողովուրդին` Ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչումին առիթով:
Այս ծիրին մէջ յայտնենք, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում պլոքի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն վերահաստատեց իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին եւ լիբանանահայերուն: «Անտառի մէջ անձ մը սպաննելը աններելի ոճիր է, իսկ խաղաղ ազգ մը սպաննելը քննելի հարց է» բանաստեղծական խօսքը մէջբերելով` զօր. Աուն ըսաւ. «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուէն կ՛ակնկալէինք, որ ընդունէր Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտէր զայն, որովհետեւ Թուրքիա ժառանգորդն է զայն գործադրած օսմանցիներուն: Սակայն, այնքան ատեն որ ներում չի հայցեր` թուրքեր պատասխանատու պիտի նկատուին անոր: Ինչպէս նաեւ` անոնք պատասխանատու են լիբանանցիներու սովամահութեան` 1914-էն 1918-ի ընթացքին»:

http://www.aztagdaily.com
Leave a Reply