Եգիպտական «Օն Թի. Վի.- լայվ» հեռուստաալիքը լուսաբանուեց Հայոց ցեղասպանոււթիւնը

Եգիպտական հեռուստաալիքի «Օն Թի. Վի.- լայվ» կայանը Ապրիլ 24-ի երեկոյեան «Սուրա Քամիլա» յայտագիրէն սփռեց Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած կենդանի հանդիպում-զրոյց մը, որ կը կրէր «100 տարի` Թուրքիոյ մէջ հայերու ցեղասպանութեան» խորագիրը: Այս մասին կը յայտնէ Միջին Արեւելքի հայ դատի գրասենեակը։

Յայտագիրին կը մասնակցէին Գահիրէի «Այն Շամս» համալսարանի պատմութեան դասախօս տոքթ. Մոհամետ ՌիՖաաթ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան` սքայփով, Լիբանանէն, եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ ՄուսթաՖա Էճի Օղլու` հեռաձայնային կապով, Թուրքիայէն:

Զրուցավարը իր նախաբանին մէջ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ արդէն իսկ 97 տարի անցած է Հայոց ցեղասպանութենէն, բայց եւ այնպէս անիկա կը շարունակէ կախեալ մնալ քաղաքական քաշքշուքներէ եւ միջազգային օրէնքներէ, որոնք զօրութիւնը չունին ոճրագործին պարտադրելու` ճանչնալու իր յանցագործութիւնը, գէթ ներում հայցելով: Ան զրոյցին մեկնակէտ ընտրեց հետեւեալ հարցումը. «Որո՞նք են աշխարհով մէկ սփռուած հայերը, եւ ի՞նչ է անոնց պատմութիւնը Թուրքիոյ հետ, արդեօք անոնք պիտի կարենա՞ն իրենցմէ խլուած իրաւունքներուն վերատիրանալ»:

Պատասխանելով իրեն ուղղուած այն հարցումին, թէ հայերը ի՞նչ միջոցներու կը դիմեն իրենց դատը հետապնդելու համար, Վերա Եագուպեան յայտնեց, որ Հայ դատի հետապնդումը նոր չէ, որ ընթացք առած է, այլ երկար տարիներէ ի վեր այս գծով աշխատանք կը տարուի լոպիիստական գործունէութեամբ, յատկապէս Եւրոպայի եւ ամերիկեան ցամաքամասերու վրայ, ուր գտնուող հայկական գաղութները իրենց ապրած երկիրներէն կը պահանջեն ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ պարտադրել Թուրքիոյ` ճանչնալ հայութեան դէմ գործած իր ոճրագործութիւնը:

Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Միջին Արեւելքի մէջ, ուր տեղակայուած են հայկական ամէնէն հին գաղութները` յատկապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրանի մէջ, Հայ դատի յանձնախումբերու ճամբով յատուկ աշխատանք կը տարուի, որպէսզի այս հարցը ծանօթացուի արաբական աշխարհին` անոր փոխանցելով հարցին պատմական իրողութիւնն ու փաստերը: Աւելի՛ն` ան շեշտեց այն իրողութիւնը, թէ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը թեւակոխած է նոր հանգրուան, ուր Թուրքիայէն կը պահանջուի ո՛չ միայն ճանչնալ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, այլեւ հայ ժողովուրդին կրած բազմաբնոյթ վնասները հատուցել: Ան յայտնեց, որ այս ուղղութեամբ յատուկ աշխատանքներ կը կատարուին եւ թղթածրարներ կը պատրաստուին` Թուրքիայէն պահանջելու համար վերադարձնել հայկական եկեղեցական կալուածները եւ ազգային ժառանգութիւնը:

Թուրք նախկին խորհրդարանականը, ինչպէս նախատեսուած էր, փորձ կատարեց պատմական իրողութիւնները խեղաթիւրելու` յայտնելով, որ նման դէպքեր երբեք տեղի չեն ունեցած Օսմանեան կայսրութեան շրջանին կամ Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն. աւելի՛ն, ան փորձեց կրօնական բնոյթ տալ այս հարցին եւ ըսաւ, որ հայերը իրենք թուրքերը ջարդած են: Թուրք հիւրին այս արտայայտութիւններուն հակազդելով` Վ. Եագուպեան դիտել տուաւ, որ ասիկա թրքական հեքիաթ մըն է` թուրքերուն կողմէ յաճախ կրկնուած, նպատակ ունենալով հանրային կարծիքին վրայ ազդել. ան նախկին խորհրդարանականին հարց տուաւ, որ եթէ ոչինչ պատահած է, ուրեմն ինք ինչո՞ւ Լիբանան կը գտնուի, ինչո՞ւ հայութիւնը աշխարհով մէկ տարածուած է այսօր:

Ան նաեւ հարց տուաւ, թէ հայերուն իսկական բնօրրանը հանդիսացող Անատոլուի հայերը ո՞ւր են արդեօք այսօր, ինչո՞ւ հոն ոչ մէկ հայ մնացած է: Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատուն նաեւ յայտնեց, որ միայն 1915¬ին չէ, որ հայութեան դէմ ջարդեր կատարուած են, այլ նաեւ աւելի կանուխ` 1894-96 թուականներուն, համիտեան ջարդերուն, որոնք կանխամտածուած եւ կազմակերպուած էին:

Եգիպտացի պատմաբանը, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ եգիպտահայ գաղութին մասին քաջատեղեակ է, ունի բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, նաեւ մասնակից դարձած է Հայ դատի խորհրդաժողովներուն, իր տեսակէտը փոխանցելով լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ հայերը եղած են հին ժողովուրդ` հաստատելով, որ անոնք Ցեղասպանութեան ենթարկուած են: Ան նաեւ սահմանեց ցեղասպանութիւն բառը, որ թէեւ ուշ սահմանուած է, բայց եւ այնպէս անիկա լաւապէս կը համընկնի ու կը պատշաճի 1915 թուականի հայոց ջարդերուն:

Պէտք է նշել, որ եգիպտական կայանի մը կողմէ նման յայտագիրի մը կայացման նախաձեռնութիւնը աննախընթաց էր եւ այդ իմաստով ալ կարեւոր է, որովհետեւ առիթ կը հանդիսանայ եգիպտական հանրային կարծիքը եւս իրազեկ դարձնելու Հայ դատին եւ հայկական պատմական իրողութիւններուն:

http://tert.am/hy/news/2012/04/27/haytad-egyept/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ