Սուրիոյ քրիստոնէական աղբիւրներ իտալական ԱՔԻ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ ասորիները կը մերժեն Դամասկոսի մէջ գտնուող ուղղափառ ասորիներու պատրիարքական աթոռը եւ Լիբանանի մէջ գտնուող կաթողիկէ ասորիներու պատրիարքական աթոռը Թուրքիա վերադարձնելու թրքական կառավարութեան ջանքերը:
Անոնք կը նշեն, որ այս կեցուածքը շարք մը պատճառներ ունի, առաջինը այն է, որ ասորիները Սուրիան իրենց պատմական հայրենիքը կը նկատեն, իսկ «ասորական պատմական շրջանները, որոնք թրքական պետութեան մէջ են (Տիգրանակերտի ամբողջ նահանգը, Մարտինի նահանգը, որուն մէջ ասորական ներկայութիւնը 4500 տարեկան է) թրքական պետութեան կողմէ գրաւուած սուրիական հողամասեր են, եւ այդ հողամասերուն դատը Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Ալեքսանտրէթ նահանգի դատէն տարբեր չէ»:
Աղբիւրները կը նշեն, որ պատրիարքական աթոռներու Թուրքիա վերադարձը անընդունելի է, որովհետեւ 1915-ին Օսմանեան կայսրութեան ուժերուն կողմէ ցեղասպանութեան ենթարկուելնուն համար եւ թրքական պետութեան քրիստոնեաներուն նկատմամբ ցեղապաշտական քաղաքականութեան շարունակման պատճառով քրիստոնեաները Թուրքիայէն պիտի ջնջուէին: Անոնք օգտակար կը նկատեն յիշեցնել, որ 1915-ի գարնան եւ աշնան ջարդերէն առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ չորս միլիոն քրիստոնեաներ, ներառեալ` հայեր եւ ասորիներ կային, իսկ այսօր` այդ թուականէն շուրջ մէկ դար ետք, անոնց թիւը հազիւ հարիւր հազար է, որոնց միայն 25 հազարը ասորի է, իսկ մնացեալը` հայեր:
Աղբիւրները նշեցին, որ այսօր Օսմանեան կայսրութեան իրաւայաջորդ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած իրենց պատմական հողամասերուն վրայ հայերը եւ ասորիները ցեղային եւ կրօնական մաքրագործման ենթարկուեցան:
Սուրիոյ մէջ քրիստոնէական աղբիւրները թրքական կառավարութենէն պահանջեցին ասորական պատրիարքութեանց Թուրքիա վերադառնալէն առաջ «ինքնիրեն, իր պատմութեան եւ իր անցեալին հետ հաշտուիլ, ճանչնալ եւ հաստատել ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ նիւթական եւ բարոյական հատուցում կատարել բոլոր զոհերուն եւ քանդուած կամ բռնագրաւուած կալուածներուն համար»:
http://www.aztagdaily.com/archives/63475
Leave a Reply