Կարս քաղաքէն 45 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Անիի աւերակներու` զբօսաշրջային կեդրոն դարձնելու որոշումը շրջակայքի գիւղերու բնակիչներուն համար աշխատատեղ ունենալու յոյս արթնցուցած է:
Հայ-թրքական սահմանին մօտ գտնուող Օճաքլը (Անի) գիւղի բնակիչները կ’ըսեն, որ զբօսաշրջութեան զարգացումը իրենց համար նոր հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ: Առաջին քայլերը արդէն կատարուած են, եւ Կարսի նահանգապետարանը արդէն սկսած է ներդրումներ կատարել այդ ուղղութեամբ: Գիւղի բազմանդամ ընտանիքներէն մէկը վարձած է շինութիւն մը եւ զայն ճաշարանի վերածած:
Անիի աւերակներու մուտքէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ արդէն կը գործէ «Անի» սրճարանն ու ճաշարանը:
Ընտանիքի մը հայր Օքթա Քայեան ըսած է, որ Անիի աւերակներուն պէս ճանչցուած վայրը իրենց օգուտ կրնայ բերել:
Ճաշարանին մէջ կ’աշխատի Քայեաներու 15 հոգիէ բաղկացած ընտանիքը` որդիները, դուստրերը, հարսերը:
Leave a Reply