Հարցազրոյց «Արտոյտներու ագարակը» գիրքի իտալացի հեղինակ Անտոնիա Արսլանի հետ

«Երեւանը` գիրքի մայրաքաղաք» ծրագրին ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ գտնուող, հայկական ծագումով իտալացի կին գրող Անտոնիա Արսլան, որուն «Արտոյտներու ագարակը» գիրքին հիման վրայ Տաւիանի եղբայրները նկարահանած են համանուն շարժանկարը, այստեղ պիտի ներկայացնէ իր «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպին շնորհանդէսը: Այս մասին Անտոնիա Արսլան ըսաւ Tert.am-ին տուած բացառիկ հարցազրոյցին:

Արսլան յայտնեց, թէ երջանիկ պիտի ըլլար, եթէ օր մը իր որեւէ մէկ գործին հիման վրայ շարժանկար նկարահանուէր Հայաստանի ազգային շարժանկարի կեդրոնին մէջ:

Յունուարին Անտոնիա Արսլան հրատարակած էր իր վերջին` «Մշոյ գիրք» կոչուող նոր վէպը, որ «Մշոյ Ճառընտիր»ի փրկութեան մասին է: «Ինչպէս երկու կանայք կը փրկեն «Մշոյ Ճառընտիր»ը. վէպս հիւսած եմ այս պատմական դէպքի հենքին վրայ»,- ըսաւ գրողը, որուն այս վէպը գրողի ` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին երրորդ գործն է:

Ինչ կը վերաբերի «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպին՝ անիկա «Արտոյտներու ագարակը» վէպին շարունակութիւնն է կամ շարժանկարի հերոսներու` ներառեալ հեղինակի պապի յետագայ սերունդներու` Աւագեաններու պատմութեան շարունակութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող շարժանկարներու («Արարատ», «Ուղեւորութիւն Հայաստան») շարքը լրացնող «Արտոյտներու ագարակը» 2007-ին` Պեռլինեան շարժանկարի փառատօնին ցուցադրուելէն ետք, ունեցաւ միջազգային բազմաթիւ ցուցադրութիւններ:

Նշենք, որ «Արտոյտներու ագարակը» շարժանկարը, ի տարբերութիւն, օրինակ, շուէտահայ բեմադրիչ Սիւզան Խարտալեանի «Մեծ մօրս դաջուածքները» շարժանկարին, որ ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ, երբեք այդ երկրին մէջ չէ ցուցադրուած, իսկ գիրքին վաճառքը առհասարակ արգիլուած է:

Այն հարցին, թէ «Արտոյտներու ագարակը» գիրքը եւ շարժանկարը եւրոպական հանդիսատեսին որեւէ նոր բան տուի՞ն Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, իտալացի գրողը ըսաւ. «Վստահ չեմ, թէ ինչպէս, ինչքան, բայց հաստատ իր ազդեցութիւնը ունեցած է, քանի որ թէ՛ գիրքը եւ թէ՛ շարժանկարը բազմաթիւ երկիրներու մէջ ընդունելութիւն գտան, բայց, բնականաբար, ուրիշ պետութիւններու մէջ Ցեղասպանութեան հարցը նաեւ կը կրէ քաղաքական բնոյթ: Նայած թէ պետութիւնը ինչպէս տրամադրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին, անկէ ալ կախուած է` կ’ընդունուի՞, թէ՝ ոչ»:

Անտոնիա Արսլան հայ գրողներու հիմնական մասը չի ճանչնար եւ չի կարդար` բացառութեամբ Ակսել Բակունցի, որուն պատմուածքներուն իտալերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսնելուն նպաստած է անձամբ: Սակայն Արսլան չի ճանչնար նոր շրջանի գրողները, որովհետեւ հայերէն չի գիտեր: Անգլերէն կարդացած է Հրանդ Մաթեւոսեան:

Նշենք, որ «Զմիւռնիայի ճանապարհը» վէպին հայերէն թարգմանութիւնը իրականացուցած է Վենետիկի համալսարանի դասախօս, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Սոնա Յարութիւնեան, որ նաեւ «Արտոյտներու ագարակը» վէպի թարգմանչուհին է:

Իսկ գիրքին տպագրութիւնը իրականացուցած է «Զանգակ» եւ «Սահակ Պարթեւ» հրատարակչութիւններու համատեղ աշխատանքին շնորհիւ` ՀՀ մշակոյթի նախարարարութեան նախաձեռնութեամբ:

Նշենք նաեւ, որ Անտոնիա Արսլան ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանէն ստացաւ Սերժ Սարգսեանի կողմէ իրեն շնորհուած` «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը:

http://tert.am/hy/news/2012/04/25/arslan/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ