Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակին վրայ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկին մասնակցած է մօտ 5000 մարդ: Ցուցապաստառներու վրայ թրքերէն, հայերէն, քրտերէն եւ անգլերէն լեզուներով գրուած էր. «Այս ցաւը բոլորիս է»:
Նախաձեռնութեան մասնակիցները նաեւ յարգած են 24 Ապրիլ 2011-ին սպաննուած հայ զինուորական Սեւակ Շահին Պալըքչըի յիշատակը:
Ձեռնարկին մասնակցած են նաեւ Հրանդ Տինքի կինը` Ռաքէլ Տինք, նաեւ` պատգամաւորներ, յայտնի լրագրողներ, դասախօսներ, արուեստագէտներ ու մտաւորականներ:
Նմանատիպ ցոյց երրորդ տարին է, որ կ’իրականացուի, սակայն մարդոց քանակով այս անգամ աննախադէպ եղած է:
«Ժողովրդի փրկութիւն» կուսակցութեան անդամ մօտ 30 երիտասարդներ փորձած են խանգարել ցոյցը եւ ռասիստական արտայայտութիւններով փորձած են սադրել հաւաքուածները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը, «Ընդդէմ ռասիզմի եւ ազգայնականութեան» եւ «Մարդու իրաւունքներու փլաթֆորմ» կազմակերպութիւնները բողոքի ցոյց կազմակերպած են նաեւ Պոլսոյ թրքական եւ իսլամական արուեստներու թանգարանին մօտ:
Հաւաքուածները ծաղիկներ դրած են ի յիշատակ 24 Ապրիլ 1915-ին աքսորուած հայ մտաւորականներու յիշատակին, իսկ աւելի ուշ քայլերթով ուղղուած են դէպի Սեւակ Շահին Պալըքչըի գերեզման:
Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի ունեցած են նաեւ Անգարայի, Իզմիրի եւ Պոտրում քաղաքներուն մէջ:
Leave a Reply