Պոլսոյ մէջ Ցեղասպանութեան զոհ հայ մտաւորականները կ՛ոգեկոչուին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Շաբաթօրեայ մայրեր» կազմակերպութեան անդամները, Մանուկներու տօնին եւ Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ մտաւորականներու նահատակութեան տարելիցին առթիւ, իրենց ձեռնարկը ձօնեցին անհետ կորսուած մանուկներուն ու 1915ին նահատակուած հայ մտաւորականութեան։

«Շաբաթօրեայ մայրեր»ու Շաբաթ, Ապրիլ 21ին, Կալաթասարայի հրապարակին վրայ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին, Մարդկային իրաւունքներու միութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Ներիման Տենիզ, որ նշեց, թէ երկերեսութիւն է տօնել Ապրիլ 23ի Մանուկներու տօնը, երբ հարիւրաւոր երեխաներ իրենց կեանքը կը կորսնցնեն անծանօթ պայմաններու մէջ, կամ անհետ կորսուած կը նկատուին՝ զոհը դառնալով «մութ ուժերու»։

Տենիզ յիշեցուց, որ Երեքշաբթի, Ապրիլ 24ին կը յիշատակուի հայ մտաւորականներու ձերբակալութեան 97րդ տարելիցը, ապա ըսաւ հետեւեալը. «220 մտաւորականներ էին՝ հայ հաւաքականութեան ամէնէն յարգուած դէմքերը. երեսփոխան, մտաւորական, գրագէտ, բանաստեղծ, երաժիշտ, գիտնական, իրաւագէտ, դեղագործ, բժիշկ…։ Զանոնք ձերբակալելու որոշումը տուաւ Թալէաթ փաշա, իսկ ձերբակալութիւնները կատարուեցան Պոլսոյ ապահովութեան տնօրէն Պետրի պէյի գլխաւորութեամբ։ Հայ մտաւորականները տարուեցան Հայտարփաշայի կայարանը եւ անկէ Անգարա տեղափոխուեցան. ա-նոնցմէ ոմանք քշուեցան դէպի Չանքըրը, իսկ միւսները՝ Այաշ։ Այս մարդոցմէ 139ն նոյնիսկ գերեզմանաքար չունի»։

Ոգեկոչման այս հանդիսութեան ընթացքին արտասանուեցաւ նաեւ նահատակ բանաստեղծ Սիամանթոյի ) Ատոմ Եարճանեան) «Աղօթք» բանաստեղծութիւնը։

http://asbarez.com/arm/128399/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ