«Հայ գրող Սմբատ Բիւրատը 1915-ի Ապրիլի 24-ին Հայտարփաշա կայարանէն շարժած այդ գնացքի մէջ էր: Ան մէկն էր հարիւրաւոր այլ արուեստագէտներէն, գրողներէն ու լրագրողներէն, որոնք նստեցան այդ գնացքը եւ ուղեւորուեցան դէպի Այաս` չիմանալով, թէ ինչ կրնայ պատահիլ». «Ռատիկալ»-ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մէջ կ’ըսէ Փընար Օղունչ:
Լրագրողն ու հայ պատմաբան Արա Սաֆարեան ապրիլին գացած են Այաս եւ փնտռած հայ դատապարտեալներու հետքերը:
«1915-ին ի՞նչ տեղի ունեցաւ: Իրադարձութիւններէն շուտով մէկ դար պիտի անցնի, սակայն որքան կ’անցնէր ժամանակը այդքան քիչ բան իմացանք մենք անոնց մասին: Հանրապետութեան ստեղծման առաջին տարիներուն, երբ ամէն ինչի մասին ազատօրէն խօսելու հնարաւորութիւն կար, յանկարծ այդ տեղեկութիւնները պահարաններու մէջ պահուեցան: Եւ որքան քիչ բան իմացանք, այնքան աւելի հաւատացինք քաղաքական խաղերուն: Կոյր կամակորութեան յանձնուեցաւ մեր ժողովուրդը, մոռցաւ ցաւ զգալն ու իյնկաւ բառերու ետեւէն: Ամէն ինչ «Ցեղասպանութիւն» բառէն կախուած է, եւ բոլորը կը փորձեն նուազեցնել 1915-ին սպաննուած հայերու թիւը: 800 հազարէն իջանք մինչեւ 300 հազարի: Լաւ, ամէն ինչ մոռնանք, նոյնիսկ եթէ ընդունինք, որ 1915-ին 300 հազար մարդ զոհուած է, ո՞ւր է քիչ մը ամօթի զգացումը այդ զոհերուն համար»,- կը գրէ ան:
Լրագրողը կը յիշեցնէ, որ Ցեղասպանութեան հետ առնչուած շատ հարցեր վիճելի են, բայց ոչ ոք չի ժխտեր, որ 1915-ի Ապրիլ 24-ին Սթամպուլի Հայտարփաշա կայարանէն հայ մտաւորականները գնացք նստեցան եւ չվերադարձան:
«Միշտ կ’ըսեն` մենք չվիճինք ու թողունք պատմաբաններուն, բայց իմ կարծիքովս խնդիրը օրէնսդիրներուն է պէտք թողուլ: Ես անձամբ կ’օգտագործեմ «ցեղասպանութիւնը» եւ խնդիր չեմ տեսներ «ցեղասպանութիւն չէ եղած» ըսող պատմաբանի հետ նոյն սեղանի շուրջ նստելու մէջ: Միայն իրօք երկխօսութիւն սկսենք, իրարու լսենք: Թէ չէ այդ խօսակցութիւնները սկիզբէն ի վեր խաղի կը վերածուին եւ զուր ժամանակ կը խլէ»,- գրած է Փընար Օղունչ:
Leave a Reply