Էօզալ փորձած է «լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը

ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ նախկին նախագահ Թուրկլութ Էօզալի մահէն 19 տարի ետք, անոր մօտիկ զօրակիցները եւ բարեկամները անցնող շաբաթավերջին յայտնած են, թէ նախագահը իր պաշտօնավարութեան ընթացքին փորձած է «լուծել» Հայկական Ցեղասպանութեան հարցը՝ պնդելով, թէ ան պատրաստ է հայերուն ի նպաստ որոշ «զիջումներ» կատարելու:

Ըստ կրթական հարցերու նախկին նախարար Վեհպի Տինչելերի՝ Էօզալ փորձած է հայերու պահանջներուն ծանօթանալ ամերիկացիներու միջոցաւ, եւ 1984ին յանձնարարած է իր խորհրդականներուն ուսումնասիրութիւն մը կատարել, Ցեղասպանութիւնը անմիջապէս կամ 20էն 30 տարի ետք ճանչնալու պարագային՝ Թուրքիոյ հատուցելիք «քաղաքական եւ տնտեսական գինը» բացայայտելու նպատակով:

Սակայն, ըստ նախկին նախարարին՝ իշխող կուսակցութենէն ու յատկապէս բանակի հրամանատարութենէն ընդդիմութեան պաճտառով, Էօզալ այդ գծով յատկանշական քայլ մը չէ կրցած առնել՝ «սպասելով աւելի յարմար առիթի մը»:

Իբրեւ թէ Էօզալ 1991ին, Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութեան մը ընթացքին, հայկական պատուիրակութեան մը հետ տեսնուելէ ետք խումբ մը դիւանագէտներու հարց տուած է. «Ի՞նչ կ՛ըլլայ, եթէ հայութեան հետ միջին եզր մը գտնենք ու վերջ տանք այս հարցին»՝ զարմացնելով զանոնք, որովհետեւ այդ օրերուն հայկական Սփիւռքին հետ բանակցելու գաղափարը ընդունելի չէր Թուրքիոյ համար:

Էօզալի այլ գործակից մը՝ Սուլէյման Ռոման, աւելցուցած է, թէ Էօզալ 1980ականներուն պատրաստակամութիւն յայտնած է Վանի մէջ որոշ տարածքներ վերադարձնելու հայերուն, սակայն դարձեալ զօրաւոր ընդդիմութեան պատճառով, չէ կրցած իրագործել իր նպատակը:

http://asbarez.com/arm/128392/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ