Ինչպէս նշած էինք Թուրքիոյ «Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութիւն»ը Սթամբուլի մէջ ցոյց կազմակերպած է` պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Ապա խումբը քայլերթով ողեւորուած է դէպի նամակատուն եւ նամակը ուղարկած Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին ուղարկուած նամակը:
«Վեհափառ Տէր,
«Այսօր՝ 24 Ապրիլ 2012, Հայոց Ցեղասպանութեան սկիզբը խորհրդանշող Պոլսահայ մտաւորականներու ձերբակալման 97-րդ տարելիցն է:
«24 Ապրիլ 1915-ի ձերբակալութիւնները սկիզբն էին գործընթացի մը, որուն հետեւանքով Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, որ ոչ միայն դարեր շարունակ Հայոց հոգեւոր կեդրոններէն մէկն էր, այլ նաեւ մշակութային ու ընկերային ինքնութեան մը ներկայացուցիչը, իր սեփական հողէն վտարուելով աքսորուեցաւ Անթիլիաս:
«Մենք՝ Թուրքիոյ մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններ, սոյն նամակով կը փափաքինք յայտարարել մեր հաստատ համոզումը, թէ Կաթողիկոսութեանդ սեփական վայրը այս պատմական հողերն են:
«Նաեւ յարգանքով կը խոնարհինք Ցեղասպանութեան զոհ գացած, իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցած, հայրենի հողին վրայ իրենց պատմական հետքերուն ջնջման փաստին առջեւ գտնուած օսմանեան հայերու յիշատակին առջեւ:
«Այս նամակով կը յայտնենք նաեւ թէ պաշտպան կը կանգնինք Ցեղասպանութենէն վերապրած ու աշխարհի չորս կողմերը ցրուած հայերու զաւակներուն եւ թոռներուն իրաւունքներուն:
«Կը ձայնակցինք ՁերՎեհափառութեան 31 Օգոստոս 2011 թուակիր ու Թուրքիոյ վարչապետին ուղղուած նամակին, որ կը վերաբերէր ոչ-իսլամական «վագըֆ»ներու (հիմնարկներու) կալուածները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու պահանջին: Նշուած նամակով կը յիշեցնէիք. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը բազմաթիւ եկեղեցիներու, հիւանդանոցներու, ծերանոցներու, որբանոցներու, գերեզմանատուներու եւ այլ ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու, որոնք 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն բռնագրաւուեցան թուրք պետութեան կողմէ»:
«Ինչպէս նաեւ նշած էք. «Հայ ժողովուրդը միշտ կը մնայ օրինական սեփականատէրը տուներուն, գործատեղիներուն ու կալուածներուն` ժառանգուած իրենց նախահայրերէն, որոնք զոհ գացին Օսմանեան թուրք կառավարութեան կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան»:
«Ձեր նամակով կը շեշտէիք. «Հայ ժողովուրդը երբեք պիտի չդադրի Թուրքիայէն արդարութի՛ւն պահանջելէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար, եւ երբեք պիտիչ դադրի իր մարդկային իրաւունքներուն վերահաստատումը պահանջելէ»: Ձեր խօսքը վարչապետին ուղղելով` կ’աւելցնէիք. «Պրն. վարչապետ, արդարութեան եւ մարդկային իրաւանց նկատմամբ յանձնառու ըլլալու ձեր յայտարարութիւնը կը դառնայ վաւերական այն ատեն միայն, երբ ճանչնաք Հայոց Ցեղասպանութիւնը»:
«Այս նամակով կ’ուզենք յայտնել Ձեր Վեհափառութեան, ինչպէս նաեւ աշխարհի համայն հայութեան, թէ Ձեր պահանջները մարդկային ամէնէն հիմնական իրաւունքներու համազօր են։
«24 Ապրիլ 2011-ին, երբ մէկտեղուած էինք 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչելու, նոյն պահուն կը սպաննուէր Պաթման նահանգի թրքական բանակի զօրամասին մէջ ստիպողական զինուորական ծառայութիւն ընող հայ երիտասարդ՝ Սեւակ Շահին Պալըքճըն:
«Հակասական բացատրութիւններով հանդէս եկած պատկան մարմինները, ոճիրը համարեցին պարզ «արկած» մը: Մինչդեռ հարցաքննութիւններու եւ խուզարկութիւններու արդիւնքները արդէն ցոյց կու տային թէ կատարուածը ոճիր մըն էր:
«Սեւակ Պալըքճըի մահը կը փաստէ թէ, 1915-էն ի վեր հայերը կեանքի ապահովութիւն չունին Թուրքիոյ մէջ, դեռ կը շարունակուի ցեղասպանութիւնը, եւ 97 տարուան ժխտողականութիւնը իսկական պատճառն է ցեղասպանական այս երեւոյթին գոյատեւման:
«24 Ապրիլ 1915-ին հայ մտաւորականներու ձերբակալութիւնով սկսած բնաջնջումը շարունակուեցաւ` ներառնելով ասորիները եւ Անատոլուի յոյները:
«Այս նամակով Ձեզի եւ Ձեր միջոցաւ բոլոր վերապրողներու զաւակներուն կը յայտարարենք, թէ արդարութեան հաստատման համար անհրաժեշտ պայման է ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը: Անհրաժեշտութիւն է վերադարձնել կամ փոխհատուցել բռնագրաւուած կալուածները եւ ինչքերը»:
Յարգանօք՝
Մարդկային Իրաւանց Միութեան
Իսթանպուլի մասնաճիւղի
Ցեղապաշտութեան եւ Խտրականութեան Դէմ Յանձնախումբ
Leave a Reply