1-3 տարուան ազատազրկում՝ հակահայկական պաստառներ պարզողներուն

Թուրքիոյ մէջ «Խոջալուի ցեղասպանութեան» նուիրուած ցոյցին ընթացքին ռասիստական, հակահայկական պաստառներ պարզած երիտասարդներուն կը սպառնայ 1-3 տարուայ ազատազրկում:

Ըստ Haberturk-ի՝ Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւնը արդէն պատրաստած է մեղադրական եզրակացութիւնը, որուն համաձայն, ցոյցին ընթացքին թշնամանք եւ ատելութիւն սերմանուած է:

«Խոջալուի դէպքերուն 20-րդ տարելիցին եւ 1915-ի իրադարձութիւններուն ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին` Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ընդունման դէմ բողոքել ցանկացող կասկածեալները թշնամանք, ատելութիւն եւ խտրականութիւն տարածած են»,- ըսուած է եզրակացութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս ինը մարդ ձերբակալուած էր այս գործով, ապա՝ ազատ արձակուած: Հարցաքննութեան ընթացքին անոնք նշած էին, որ մասնակցած են ցոյցերուն եւ այդ ընթացքին իրենց այդ պաստառները տուած են անյայտ անձեր:
Հակահայկական ցոյցին ընթացքին ռասիստական պաստառներէն բացի Հրանդ Տինքի սպանութեան համար դատապարտուած Օկիւն Սամասթի եւ Եասին Հայալի հասցէին հնչած էին գովեստի խօսքեր:

Դատավարութիւնը պիտի սկի շուտով` Պոլսոյ 41-րդ առաջին ատեանի դատարանին մէջ:

http://tert.am/hy/news/2012/04/20/taksim/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ