Ռումանիոյ մէջ լոյս տեսաւ Նիկոլայ Յովհաննիսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» գիրքը

Քաղաքական գիտութեան Հայաստանի ընկերակցութեան տեղեկացմամբ` օրերս Ռումանիոյ մայրաքաղաքին մէջ հրատարակուած է բազմավաստակ ցեղասպանագէտ, Հայաստանի Գիրութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ, գիտութեան վաստակաւոր գործիչ, քաղաքական գիտութեան Հայաստանի ընկերակցութեան խորհուրդի անդամ, պատմական գիտութիւններու տոքթոր, փրոֆէսօր Նիկոլայ Յովհաննիսեանի «Հայոց ցեղասպանութիւն» մենագրութիւնը, որ ֆրանսերէնէ ռումաներէնի թարգմանած են Թագուհի եւ Մատլէն Գարագաշեան քոյրերը (Genocidul Armean, Bucuresti, 2012, 112 էջ):

Ռումաներէնը տասներկուերորդ լեզուն է, որմով լոյս կը տեսնէ հեղինակի նշուած աշխատութիւնը: Մինչեւ այդ մենագրութիւնը լոյս տեսած էր անգլերէն, գերմաներէն, ֆ‎րանսերէն, ռուսերէն, թրքերէն, ճաբոներէն, հունգարերէն, հայերէն, արաբերէն, պարսկերէն, իսկ 2011-ին` նաեւ քորերէն:

Աշխատութիւնը գրելու ատեն հեղինակը նկատի առած է օտար ընթերցողը, որ երբեմն անտեղեակ է անգամ պատմական հանրայայտ իրողութիւններուն ու փաստերուն: Ատիկա իր կնիքը դրած է աշխատութեան կառուցուածքին, քննարկուող հարցերու շրջանակներուն եւ անոնց բնոյթին վրայ:

1915-ին Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն` Հայոց ցեղասպանութենէն, Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ գերմանական նացիստներու իրագործած հրէական Հոլոքոսթէն եւ անոնց յաջորդած այլ ցեղասպանութիւններէն ետք, ինչպէս կը նշէ հեղինակը, ձեւաւորուեցաւ գիտական նոր ուղղութիւն մը` ցեղասպանագիտութիւնը, որուն ակունքները պէտք է փնտռել հայկական իրողութիւններուն մէջ եւ որուն ձեւաւորման մէջ նաեւ նկատելի դերակատարում ունեցած են ցեղասպանութեան հարցերուն նուիրուած փրոֆէսօր Նիկոլայ Յովհաննիսեանի բազմաթիւ աշխատութիւնները:

Հայեցակարգային տեսանկիւնէն պէտք է առանձնացնել «ցեղասպան պետութեան» հիմնադրոյթը: Հայ անուանի գիտնականը այն տեսակէտն կը հիմնաւորէ, որ եթէ այդ հիմնադրոյթը կիրառենք Հայոց ցեղասպանութեան` արմէնոցիտի, եւ հրէական Հոլոքոսթի պարագային, ապա Օսմանեան պետութիւնը եւ նացիստական Գերմանիան իրենց յանցանքներով պատմութեան մէջ կը մտնեն իբրեւ ցեղասպան պետութիւններ:

Աշխատութեան մէջ քննարկուած են առանցքային հիմնախնդիրներ, ինչպէս` Հայաստանը դարերու ընթացքին, Հայոց լեռնաշխարը հայերու բնօրրան եւ կենսատարածք, իսկ իրենք` հայերը, անոր բնիկներն ու տէրերը ըլլալու հանգամանքները, Արեւմտեան Հայաստանի նուաճումը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ, որ իրականացուեցաւ 1639-ին, երբ Հայաստանը բաժանուեցաւ շահական Պարսկաստանի եւ Օսմանեան կայսրութեան միջեւ, հայերու վարչա-իրաւական, ազգային-քաղաքական եւ հասարակական-տնտեսական դրութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, Հայկական հարցը եւ անոր փուլերը:

Հայերու ցեղասպանութիւնը` Արմէնոցիտ. հեղինակը հանգամանօրէն եւ շատ պարագաներու նորովի կը լուսաբանէ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառները: Համոզիչ է անոր այն տեսակէտը, որ «ցեղասպանութիւնը ոչ թէ առանձին անհատներու, այլ Թուրքիոյ պաշտօնական պետական քաղաքականութիւնն էր»: Անոր կարծիքով` ատիկա կը բխէր Օսմանեան կայսրութեան ոչ թուրք` քրիստոնեայ եւ իսլամ բնակչութեան բռնի թրքացման քաղաքականութեան տրամաբանութենէն, որ պէտք է իրականացուէր երեք մակարդակներով`

ա) էթնիկական զտում եւ բոլոր ոչ թուրք ժողովուրդներու բռնի թրքացում,
բ) էթնիկապէս «մաքուր թրքական պետութեան ստեղծում»,
գ) Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութեան պահպանում եւ անոր յետագայ տրոհման կասեցում:
Աշխատութեան մէջ կարմիր թելի նման այն միտքը կ’անցնի, որ ոչ թուրք ժողովուրդները կանգնած էին երկընտրանքի առջեւ` կամ կամաւոր ձուլում եւ թրքացում, կամ, հրաժարուելու պարագային, բռնի ոչնչացում, որուն գիտական սահմանումը ցեղասպանութիւնն է:

Այս առնչութեամբ հայ փրոֆէսօրը կ’ընդգծէ, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը լրիւ կը տեղաւորուէր էթնիկապէս մաքուր թրքական պետութիւն ստեղծելու, Օսմանեան կայսրութեան ամբողջականութիւնը պահպանելու եւ փանթուրքիզմի երիտթրքական պաշտօնական ծրագիրներու շրջագիծէն ներս: Ան կը վկայակոչէ երիտթրքական ղեկավարներէն մէկուն` Ալի Իհսանի այն կարծիքը, որ «եթէ չըլլար Հայաստանը, ապա Կովկասը շատոնց պատկանած կ’ըլլար մեզի»: Ահա այստեղ պէտք փնտռել Հայոց ցեղասպանութեան պատճառները:

Աշխատութեան մէջ հանգամանօրէն լուսաբանուած է հայերու նկատմամբ երիտթուրքերու կիրառած ցեղասպան քաղաքականութիւնը Սթամբուլի, Խարբերդի, Սվազի, Էրզրումի, Բիթլիսի, Վանի եւ Տիարպաքիրի հայկական վեց վիլայէթներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան այլ հայաբնակ շրջաններուն մէջ: Հետաքրքրական է հեղինակի եզրակացութիւնը առ այն, որ երիտթուրքերու ղեկավարներուն` Թալէաթի, Էնվէրի, Ճեմալի, Նազըմի, Շաքիր Պեհաէտտինի եւ միւսներուն՝ հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ արաբներու ու այլ ժողովուրդներու նկատմամբ կիրառուած ոճրագործ քաղաքականութիւնը հիմք կու տայ եզրակացնելու, որ Օսմանեան պետութիւնը 19-րդ դարու կէսերուն եւ 20-րդ դարու սկիզբներուն դարձած էր ցեղասպան պետութիւն եւ ցեղասպանութեան օրրան:

Աշխատութեան մէջ յատուկ բաժին յատկացուած է Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին: Այստեղ հեղինակը առանձնայատուկ տեղ յատկացուցած է 1919-ին կայացած երիտթուրքերու ղեկավարութեան դատավարութեան հարցին: Ռազմական ատեանը պատասխանատու համարելով անոնց Թուրքիան պատերազմի մէջ ներգրաւելու եւ հայերուն նկատմամբ զանգուածային սպանութիւններ կազմակերպելու եւ բռնի տեղահանման համար, մահուան դատապարտեց երիտթրքական կուսակցութիւնը եւ կառավարութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը եւ այդ վճիռը ի կատար ածեցին հայ վիրժառուները:

Այդ իրողութեան լոյսին տակ, փրոֆէսօրը կը գտնէ, որ անհրաժեշտ է նորովի մօտեցում ցուցաբերել Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցին: Թրքական դատարանի վճիռը կը վկայէ, որ Թուրքիան արդէն մէկ անգամ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հիմա խօսք կրնայ ըլլալ անոր վերաճանաչման մասին: Միաժամանակ փաստական հարուստ նիւթի հիման վրայ ցոյց կը տրուի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը Եւրոպայի, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներու եւ Ասիոյ տարբեր պետութիւններու խորհրդարաններուն կողմէ, որոնց թիւը այսօր կը հասնի 21-ի, բազմաթիւ միջազգային հեղինակաւոր քաղաքական, կրօնական, գիտական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ու գործիչներու կողմէ: Եւ այդ գործընթացը կը շարունակուի:

Աշխատութիւնը հրատարակուած է ճաշակով, հրատարակչական բարձր որակով եւ կը պարունակէ քանի մը հետաքրքիր լուսանկարներ:

http://tert.am/hy/news/2012/04/19/genocide-book/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ