ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան Պոլսոյ մասնաճիւղի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ յանձնաժողովը հինգշաբթի` Ապրիլ 19-ին, մամլոյ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկութիւններ փոխանցեց Ապրիլ 24-ին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու ոգեկոչման համար իր կազմակերպած ձեռնարկներուն մասին:
Յանձնաժողովը հաղորդագրութեան մէջ կը յայտնէ, թէ Պոլսոյ Էմինէօնիւ թաղամասին մէջ գտնուող Թուրք-իսլամ յուշարձաններու թանգարանին առջեւ պիտի ոգեկոչեն Ցեղասպանութեան զոհերը. վայր մը, որ 1915-ին գործածուած է իբրեւ բանտ՝ պոլսահայ մտաւորականներու համար: Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին եւ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսին ուղղեալ նամակները պիտի կարդացուին Թուրքիոյ հանրութեան:
Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը յայտնուի, թէ ցուցարարները Շիշլի թաղամասին մէջ գտնուող Հայոց գերեզմանը պիտի այցելեն, Ապրիլ 24, 2011-ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Պալըքճիին յարգանքի տուրք մատուցելու համար:
http://asbarez.com/arm/128099/
Leave a Reply