Թուրքիոյ Տիարպեքիր (Տիգրանակերտ) քաղաքին մէջ վերջին շրջանին կատարուած վերականգնողական աշխատանքները նպաստած են զբօսաշրջութեան աճին:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Sondakika կայքը, այդ աճին նպաստած են նաեւ Տիգրանակերտի Սուր քաղաքին մէջ տեղի ունեցած վերանորոգման աշխատանքները` մզկիթ, եկեղեցի, տուներ:
«Ժամանակին այստեղ իրարու հետ կ’ապրէին իսլամները, քրիստոնեաներն ու հրէաները: Նախապէս թրքերէն, քրտերէն, հայերէն, արաբերէն, ասորերէն լեզուներով խօսող Տիգրանակերտը զբօսաշրջիկներու համար հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէր»,- ըսած է Տիգրանակերտի Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Թեւֆիք Արըթուրքը եւ տեղեկացուցած է, որ վերականգնողական աշխատանքները կը շարունակուին:
«2011-ի ընթացքին Տիարպեքիր 221 հազարէ աւելի զբօսաշրջիկ այցելած է եւ կ’ակնկալուի, որ անիկա այս տարուան ընթացքին կ’աճի»,- ըսած է ան:
Թուրք պաշտօնեային համոզմամբ` Տիգրանակերտի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացումը նաեւ կը նպաստէ խաղաղութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի կարգաւորման:
Leave a Reply