Ապրիլ 24-ի դասերը, մայիս 6-ի ընտրապայքարը եւ «Հայեւթուրք արձանագրութեանց» յամեցող ուրուականը

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ, Մեծ Եղեռնի վերաբերեալ համացանցային ընթերցումներուս եւ փնտռտուքներուս ընթացքին, պատահականօրէն հանդիպեցայ հայերէն կայքէջի մը, համացանցի եզրաբանութեամբ՝ blog-ի մը («բլոգ»), որուն հեղինակը յայտնապէս Հայաստանէն էր եւ կայքէջի այցելուներուն կ՛առաջարկէր իրենց տեսակէտը յայտնել զինք չարչրկող «Ապրիլ 24. Քաղե՞լ ենք դասեր» հարցին մասին։ «Բլոգ»ի հեղինակին հարցադրումը հետեւեալն էր.

«Յարգելի հեղինակներ եւ մեկնաբաններ,

«Մօտենում է Ապրիլի 24-ը՝ համայն հայութեան, ինչպէս նաեւ մի քիչ կարեկցանքի զգացումով օժտուած ոչ հայերի սգոյ մեծ օրը…

«Եկէք քննարկենք այն հարցը, թէ՝ արդեօք, ունենալով նման մեծ կորուստ, մենք դաս քաղե՞լ ենք: Արդեօք վտանգ կա՞յ, որ Մեծ Եղեռնի համաշխարհային ճանաչումը նպատակից վերածւում է միջոցի։ Արդեօք արժէ՞ մանկահասակ երեխաների ձեռքը բռնել ու գնալ Ծիծեռնակաբերդ, թէ՞ պէտք է թողնել, որ նրանք մեծանան, ԸՆԹԵՐՑԵՆ ու հասկանան, թէ ի՞նչ է կատարուել այդ սեւ օրերին… Արդեօք Թուրքիայի հետ հարեւանութիւն անելը պէ՞տք է դառնայ օրակարգ եւ այլն… եւ այլն…

«Սպասում եմ անկեղծ ու մերօրեայ քաղաքականութիւնից հնարաւորինս հեռացուած գրառումներ»։

Ապրիլ 24էն դասեր քաղելու առումով անծանօթ այդ կայքէջին եւ անոր հեղինակին արծարծած հարցը, անկասկա՛ծ, տեղին էր եւ ուշադրութեան արժանի։

Բայց հարցադրումը բանաձեւելու անոր եղանակը անհանգստացնող բան մը ունէր իր մէջ, որովհետեւ նախ՝ մեր «մանկահասակ երեխաներ»ուն ձեռքէն բռնելով զանոնք Ծիծեռնակաբերդ տանելուն նպատակայարմարութիւնը հարցականի տակ կ՛առնէր, ապա՝ կայքէջի այցելուներէն կ՛ակնկալէր… «մերօրեայ քաղաքականութիւնից» հեռու մնացող պատասխաններ։

Անհանգստացնող է, անշո՛ւշտ, անծանօթ հրապարակագրին այն վարկածը, թէ չ՛արժեր մեր «մանկահասակ երեխաներ»ուն սորվեցնել Ապրիլ 24-ի դասերը, այլ՝ պէտք է ձգել, որ անոնք «մեծանան, ԸՆԹԵՐՑԵՆ ու հասկանան»…

Իսկ աւելիով անհանգստացնող է հարցադրումը եզրափակող այն ակնկալութիւնը, թէ պէտք չէ քաղաքականացնել հարցը, մանաւանդ պէտք չէ «մերօրեայ քաղաքականութեան» լոյսին տակ քննել, թէ «դասեր քաղե՞լ ենք» Ապրիլ 24-էն։

Այսինքն՝ պարզ հայերէնով կ՛ըսուի, թէ ծնող մը պէտք չէ իր երեխային, ձեռքէն բռնած, տանի Ծիծեռնակաբերդ եւ, սեփական օրինակով, զաւակը հաղորդ պահէ մեր նահատակներու կտակին, այլ՝ պէտք է պարզապէս հոգայ զաւկին, որ ան մեծնայ, ընթերցումներ կատարէ եւ ի՛նք հասկնայ, թէ ի՞նչ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 24-ի օրերուն։

Եթէ ծնողը առաջին դաստիարակն է մանուկի մը, եւ այդպէ՛ս է, այդ պարագային մանկավարժական ո՞ր ուսմունքին համաձայն ծնող մը կրնա՛յ եւ պէ՛տք է կարդալ–գրել սորվեցնէ իր զաւկին, բայց նպատակայարմար չէ, որ ազգային յիշողութիւն փոխանցէ եւ զաւկին սորվեցնէ… Ապրիլ 24-ի դասերը։ Մանաւանդ՝ պէտք չէ տայ օրինակը Ապրիլ 24-ին միասին, ձեռք–ձեռքի տուած, Ծիծեռնակաբերդ երթալու եւ մոմ վառելու ի յիշատակ նահատակուած մեր հարազատներուն։

Աւելի՛ն` ծնողքէն ու ընտանիքէն անդին կ՛անցնի, նաեւ ու մանաւանդ դպրոցին եւ ուսուցիչին վրայ կը տարածուի միւենոյն հարցադրումէն բխող… կաշկանդումը։ Մանկավարժական այդ ո՞ր սկզբունքներու հիման վրայ չ՛արժեր, եղե՜ր, «մանկահասակ» աշակերտին դաստիարակել Ապրիլ 24-ի դասերով եւ ազգային պահանջատիրութեան ոգիով։ Հայ մանուկը եւ պատանին ինչպէ՞ս պիտի կարենան ազգային դաստիարակութեան հնարաւորութիւն ունենալ, եթէ Գրիգոր Զօհրապի կամ Դանիէլ Վարուժանի ժառանգութեան հետ պիտի հաղորդուին՝ առանց անոնց նահատակութեան անլռելի ղօղանջները հնչեցնող դասագրքերու եւ դասատուներու։

Ո՛չ, մանկավարժական որեւէ ուսմունքէ կամ սկզբունքէ չի ներշնչուիր «մանկահասակ երեխաներուն» Ապրիլ 24-ի դասերէն հեռու պահելու քաղաքականութիւնը։

Այո՛, ի վերջոյ քաղաքական կեցուածք է եւ նոյնինքն «մերօրեայ քաղաքականութեան» մէջ թաղուած է Ապրիլ 24-ի դասերը մեր «մանկահասակներուն» չսորվեցնելու չարիքին բուն արմատը։

Այդ պատճառով ալ հեգնական կը հնչէ ակնկալութիւնը, որ «Ապրիլ 24. Քաղե՞լ ենք դասեր» հարցին տրուած պատասխանները ըլլան… «մերօրեայ քաղաքականութիւնից հնարաւորինս հեռացուած գրառումներ»։

Թերեւս չառաջանար պատահական այս կայքէջին եւ նոյնքան պատահական անոր անհանգստացնող հարցադրումին հրապարակաւ անդրադառնալու անհրաժեշտութիւնը, եթէ Մայիս 6-ի Ազգային Ժողովի ընտրութեանց քարոզարշաւի ծիրէն ներս լուսարձակի տակ չառնուէր տխրահռչակ «Հայեւթուրք արձանագրութեանց» փշոտ խնդիրը, Հայ ազգային կոնգրեսի առաջնորդ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ։ Անցեալ շաբաթավերջին նախընտրական հաւաքի մը առջեւ ելոյթ ունենալով` արտախորհրդարանական ընդդիմադրութեան առաջնորդը լուսարձակի տակ առաւ այսօրուան իշխանութեանց ձախողութիւնները արտաքին քաղաքականութեան ճակատին վրայ։

Ապրիլ 16-ի թուակիր «Առաւօտ»ի լրատուութեան համաձայն՝ «ըստ առաջին նախագահի, այս իշխանութիւնները օգտւում են միջազգային հանրութեան օգնութիւնից. «Արեւմուտքին պէտք է Սերժ Սարգսեանի նման գող իշխանութիւն, որովհետեւ նրանց կառավարելը հեշտ է։ Այս իշխանութիւնը անկախ չէ, կախուած է արտաքին ուժերից: Ո՞ր մի իշխանութիւնը կը համաձայնէր ստեղծել հայ եւ թուրք պատմաբանների յանձնաժողով, որը պարզի՝ ցեղասպանութիւն եղե՞լ է, թէ՞ չէ։ Ես աւելին գիտեմ՝ Սերժ Սարգսեանը նրանց այդ խոստումը տուել է 2007-ին, «Վիքիլիքսի» փաստաթղթերում դա կայ, մենք տեսել ենք»։

Հայաստանի «մերօրեայ քաղաքականութեան» խոհանոցէն հեռու գտնուողներն անգամ գիտեն, որ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ իր գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութեան ծանրագոյն ձախողութիւններէն մէկը եղաւ «Հայեւթուրք արձանագրութեանց» ստորագրութիւնը։ Այդ առումով Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ելոյթին միակ նորութիւնը «Վիքիլիքս»ի փաստաթուղթերուն կատարուած յղումն է՝ հայեւթուրք պատմաբաններու խառն յանձնախումբի կազմութեան ի նպաստ Սերժ Սարգսեանի տուած խոստումին վերաբերեալ։ Իսկ այդ նորութիւնը, եթէ իրականութեան կը համապատասխանէ, առաջին հերթին ընտրազանգուածին ուղղուած ահազանգ է, որպէսզի ժողովուրդը վստահութեան իր քուէէն զրկէ քաղաքական այն ուժը, որ յամառօրէն կը մերժէ յետս կոչել կործանարար այդ փաստաթուղթին տակ իր դրած Հայաստանի ստորագրութիւնը։

Բայց նախընտրական քարոզարշաւէն անդին՝ Հայաստանի առաջին նախագահին կողմէ ՀՀ երրորդ նախագահին ուղղուած այս քննադատութիւնը խորհրդածութեան արժանի է այլապէս, «Ապրիլ 24. Քաղե՞լ ենք դասեր» հարցադրումին վրայ իր բացած լուսարձակով։

Լեւոն Տէր Պետրոսեան թերեւս հոգեփոխութիւն ապրած է եւ այսօր ուժգնօրէն կը դատապարտէ Սերժ Սարգսեանի տուած խոստումը՝ Հայասպանութեան փաստը քննող պատմաբաններու խառն յանձնաժողովի մը կազմութեան համաձայն գտնուելու վերաբերեալ։

Բայց բոլորէն առաջ ՀՀ առաջին նախագահը ինք շատ լաւ գիտէ, որ փաստօրէն իր պաշտօնավարութեան շրջանին դրուեցան հիմերը այն ազգավնաս քաղաքականութեան, որուն վերջին դրսեւորումը եղաւ ՀՀ այսօրուան նախագահին ֆութպոլային դիւանագիտութեան մոլորանքը։

Քաղաքական կեանքի մէջ արգիլուած չեն հոգեփոխութիւնները եւ, վստահաբար, ողջունելի պիտի ըլլայ ՀՀ առաջին նախագահին դարձը դէպի ազգային քաղաքականութեան ոլորտը։

Հարցը այդ չէ, սակայն։

Հարցը ա՛յն է, որ պր. Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրով նորովի շրջանառութեան դրուեցաւ խորհրդային դարաշրջանի այն քաղաքականութիւնը, թէ ազգամիջեան թշնամանք առաջացնող խնդիրները պէտք է դուրս մղուին նորահաս սերունդներու կրթական ծրագիրներէն եւ դասագիրքերէն, եւ թէ մատղաշ ու մանկահասակ երեխաներու միտքն ու հոգին պէտք չէ թունաւորել ջարդերու արիւնալի պատումներով եւայլն։

Ոչ ոք կը մոռնայ եւ իրաւունք ունի մտահան ընելու, որ ԼՏՊ-ի նախագահութեան օրով պաշտօնապէս բանաձեւուեցաւ ՀՀ կրթական քաղաքականութեան այն «հիմնադրոյթը», որ նորահաս սերունդին պէտք է հեռու պահել Մեծ Եղեռնի ցնցիչ պատումներէն ու պատկերներէն… «Հիմնադրոյթ», որ ահա այսօր ամենայն պարզամտութեամբ իր արձագանգը կը գտնէ մանուկ զաւկին ձեռքէն բռնած Ծիծեռնակաբերդ ուղղուող ծնողը դատապարտելու պատահական կայքէջի հարցադրումին մէջ։

ՀՀ առաջին նախագահին կը պատկանի, նոյնպէս, հեղինակային իրաւունքը այն անհեթեթ գաղափարախօսութեան, որուն համաձայն՝ ազգային պահանջատիրութիւնը չի կրնար հիմք դառնալ պետական քաղաքականութեան։ Այդ մեկնակէտով ալ ՀՀ առաջին արտաքին գործոց նախարարը շնորհազրկուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ, որովհետեւ Րաֆֆի Յովհաննիսեան համարձակած էր Պոլսոյ մէջ հնչեցնել Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ճանչնալու ազգային մեր պահանջատիրութիւնը։

Իսկ ամէնէն ծանրակշիռը այն է, որ 29 յունիս 1992-ի իր տխրահռչակ եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանին վերանկախացեալ Հայաստանի Հանրապետութենէն արտաքսումի վերջնագրով «պսակուած» ելոյթին մէջ ՀՀ առաջին նախագահը Դաշնակցութեան վրայ բեռցուց Մեծ Եղեռնի համար պատասխանատուութեան մեծ բաժինը… «Ապրիլ 24ի դասեր»ուն մասին այսօր հնչող ճամարտակութիւններուն հիմքը դնելով։

Հետեւաբար ո՛չ պատահական էր, ոչ ալ այդպէս երկինքէն յանկարծ ինկած այլմոլորակային գիւտ էր, որ ՀՀ երրորդ նախագահը իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրերուն ձեռնարկեց հայեւթուրք նորահաս սերունդները անցեալի թշնամանքէն «բեռնաթափելու» ինքնակոչ առաքելութեան։ Պր. Սերժ Սարգսեան պարզապէս Արեւմուտքին եւ որոշապէս Միացեալ Նահանգներու «հաւանութեան» արժանանալու իր բախտը փորձեց՝ պր. Լեւոն Տէր Պետրոսեանի գծած հայեւթուրք բարի դրացիութեան ուղիին վրայ այսպէս կոչուած «համարձակ քայլ» մը նետելով։

Այս բոլորի լոյսին տակ է, որ «Ապրիլ 24-ի» դասերը կարելի չէ հեռացնել «մերօրեայ քաղաքականութիւնից», ոչ ալ հայ ժողովուրդի ազգային շահերուն կը ծառայէ իբր թէ «մանկավարժական» այն կեղծ «նախանձախնդրութիւն»ը, որուն համաձայն՝ հայ ծնողը պէտք չէ, իր մանկահասակ զաւկին ձեռքէն բռնած, Ապրիլ 24-ի օրը բարձրանայ Ծիծեռնակաբերդ։

http://asbarez.com/arm/128020/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ