Թուրքիոյ Պատմութեան հիմնադրամի աջակցութեամբ խումբ մը գիտնականներ հետաքննութիւն սկսած են Պոլսոյ մէջ գտնուող ազգային փոքրամասնութիւններուն պատկանող 23 դպրոցներու մէջ:
Անոնցմէ 15-ը կը պատկանին հայ համայնքին, հինգը` յոյն եւ մէկը` հրէա: Հիմնական խնդիրները առնչուած են դասարաններու գոյքի եւ ուսուցիչներուն հետ, որոնք կրնան անընդհատ զբաղիլ դպրոցով:
«Մենք կը ցանկանանք ցոյց տալ, թէ այդ խնդիրները ինչպէս կը յառաջանան: Անոնք արհեստական խնդիրներ են, որոնք կը առաջանան արտաքին քաղաքականութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ վերաբերումի պատճառով»,- Hürriyet Daily News-ի հետ զրոյցին ըսած է փորձագէտ Նուրճան Քայեան:
Փորձագէտները նշած են, որ յունական դպրոցները գոյքը եւ ուսուցիչները կը բերեն Յունաստանէն` համաձայն Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած մշակութային համաձայնագրին: Հայկական դպրոցները իրենց կարիքները կը հոգան անձամբ: Անոնք չունին Հայոց լեզուի ուսուցիչներ, կայ նաեւ կրթական ծրագրերու խնդիր:
Առաջ Թուրքիոյ ազգային փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն մէջ կրթութիւն ստանալու իրաւունք ունէին միայն թուրքիոյ քաղաքացիութիւն ունեցող երեխաները, սակայն Մարտ 20-ին կայացած որոշմամբ` այդ մէկը փոխուած է:
«Ասիկա կարեւոր քայլ էր, բայց առանց գործնական արդիւնքի: Հայաստանէն եւ Յունաստանէն եկած երեխաները դեռ չեն կրնար դպրոց գնալ»,-ըսած է Քայեան:
Հակառակ կանոնակարգային փոփոխութեան, Յունաստանի քաղաքացիները եւ անօրինական հայ ներգաղթեալները կրնան միայն «հիւր»ի կարգավիճակով կրթութիւն ստանալ այս դպրոցներուն մէջ:
Leave a Reply