ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշ յայտարարած է, թէ Թուրքիան Հայոց Ցեղասպանութեան «պնդումներ»ուն դէմ ունի «Մալթա փաստաթուղ»չը:
Ըստ «Հիւրրիյէ»չ թերթին՝ Պաղըշ պնդած է, թէ Ցեղասպանութեան հարցով 1919ին Մալթայի մէջ տեղի ունեցած դատավարութենէն ետք «դատարանն արդարացուցած է բոլոր պատասխանատուները, եւ այդ պատճառով ալ ոչ ոք թուրք ժողովուրդը կրնայ մեղադրել ցեղասպանութեամբ»:
Պաղըշ, բացայայտ իր այս սուտով, կ՛անտեսէ այն իրողութիւնը, որ Մալթայի դատավարութեան ընթացքին հայերու ջարդերու կազմակերպիչ դահիճներուն մէկ մասը դատապարտուած է մահապատիժի կամ երկարատեւ բանտարկութեան, սակայն, թրքական պետութեան ջանքերով՝ անոնք ներում ստացած են եւ ազատ արձակուած:
Leave a Reply