ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՐՑԱԽՈՅԶ ՀԱՄՇԵՆՑԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ (Մարտ 10-22, 2010)

Այս  համացանցային հարցախոյզը Թրքաբնակ համշէնցիներու մէջ, որու պատասխանները քաղեցի մարտ 10-էն մինչեւ մարտ 22, 2010-ի, պատրաստեցի համշէնցիներու մասին մարտ 26-ի ներկայացումիս համար Նիւ Եորքի մէջ («Մէք Էրմէնի Չիք. ՄԵՐ ՀԱՄՇԷՆԱՀԱՅ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ՝ Համառօտ ակնարկ մը այս «թաքնուած» հայկական ցեղախումբի մասին»՝ Տե՛ս «Ձայն Համշէնական», Մարտ-Ապրիլ 2010):

Ընդամէնը 87 հոգի մասնակցեցաւ այս անանուն հարցախոյզին, եւ կէսէն պակաս քաղեցի համշենցի երկու ընկերոջ օգնութեամբ՝ Սէրտար Քըրչիչէք եւ Նեժտեթ Չաքմաք, որ իրենց ընկերներուն եւ հարազատներուն պատասխանները անձնապէս հաւաքեցին եւ ինծի զատէն ուղարկեցին: Այս գործը կարելի պիտի չըլլար առանց թանկագին օգնութեան Սերգէյ Վարդանեանի, Արտաշ Չիլինկիրօղլուի, Արփի Չանքարի եւ Մուրատ Քութլուի:

Աւետիս Հաճեան

ԺՈՂՈՎՐԴԱԳՐԱԿԱՆ  ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ

Տարիք

Հարցախոյզին մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը 18 եւ 34 տարեկանի միջեւ են:

Տարիք

18-34———- 64.37%

35-44———- 18.39%

45-54———- 12.64%

55-65———- 4.60%

Սեռ

A. Տղամարդ———— 60.92%

B. Կին——————– 39.08%

Ծ ննդավայր եւ բնակավայր

 

Համշէն ծնած եւ Համշէնէ դուրս բնակող———————— 76.74%

Համշէնէ դուրս ծնած եւ Համշէնէ դուրս բնակող—————- 12.79%

Համշէն ծնած եւ Համշէնի մէջ բնակող————————— 10.46%

Ծննդավայր

Խոփա, Արտուին, Պորչքա, Քեմալփաշա, Արհաւի

Պոլիս

Ռիզէ, Արտեշէն-Արտաշէն, Ֆընտըքլը

Չայելի

Իզմիթ

Սամսոն

Աքչաքոճա

Պուրսա

Տրապիզոն

Անհասկնալի պատասխան

70 8 2 1111111 80.45%

9.19%

2.29%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

Բնակավայր

Պոլիս

Խոփա, Արտուին, Պորչքա

Պուրսա

Անգարա

Սամսոն

Քոճաէլի

Ռիզէ, Ֆընտըքլը, Ենիեօլ

Իզմիթ

Եալովա

Զոնկուլտաք

Էսկիշեհիր

Իզմիր.

էնիզլի

Պալըքեսիր

Աքչաքոճա

Անհասկնալի պատասխան

Արեւելեան Համշէն կամ Համշէն
Արեւմտեան Համշէն կամ Չամլըհեմշին

51864332211

1

1

1

1

1

1

 

58.62%

9.19%

6.89%

4.59%

3.44%

3.44%

2.29%

2.29%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

1.14%

 

 

Կրթութին

Հարցախոյզի մասնակցողներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (հարիւրէն 81-էն աւելի) համալսարանական է՝ ներկայիս ուսանող, համալսարանական ուսումը անաւարտ թողած կամ աւարտած:

Երկրորդական ուսում աւարտած—————————- 18.39%

Երկամեայ համալսարան յաճախող————————– 35.63%

Երկամեայ համալսարանի շրջանաւարտ——————- 14.94%

Քառամեայ համալսարանի ուսանող/շրջանաւարտ—— 26.44%

Բարձրագոյն ուսումի ուսանող/շրջանաւարտ————— 4.60%

(Վարպետութեան կամ վարդապետութեան աստիճան, անգլերէնով՝ Masters կամ Ph D)

Լեզու

Նոյնպէս ջախջախիչ մեծամասնութիւնը (հարիւրէն գրեթէ 93-ը) կ’ըսէ, որ համշէներէն կը խօսի:

Համշէներէն կը խօսի՞ք

Այո————— 92.86%

Ոչ—————– 7.14%

Ուշագրաւ է նկատել, որ թէեւ մեծամասնութիւնը լեզուն կը խօսի, զայն պայման չի նկատեր ինքնութիւնը պահպանելու համար:

Կարելի է՞ համշէնցի մնալ` առանց համշէներէն խօսելու

Այո———————————- 42.53%

Ոչ———————————– 33.33%

Դժուար է, բայց կարելի———– 21.84%

Թերեւս/Չեմ գիտեր—————- 2.30%

Ազգային ինքնութիւն

Հարցախոյզի մասնակցողներուն առաջարկուեցաւ, որ հետեւեալ հաստատումներէն ընտրէին ան, որ ամենահարազատ կերպով նկարագրէր իրենց ազգային ինքնութիւնը:

Պատասխանողներէն միայն մէկ հոգի յայտնեց, որ ինքզինք բացարձակապէս թուրք կը նկատէր: Մնացեալ մասնակցողները զանազան համեմատական հաստատումներ ընտրեցին` որոշ հեռաւորութիւն դնելով թրքական ինքնութենէն: Պատասխանները, փոխանակ որոշ չափով միօրինակ պատկեր մը ներկայացնելու, օրինակ՝ թրքացումի, գրեթէ հինգ դար վերջ համշէնցիներու իսլամացումին առաջին ալիքէն` ազգային ինքնութեան բեկորացումի խճանկար մը կը ներկայացնեն, թերեւս նախանշան մը ազգային պատկանելիութեան տագնապի թրքաբնակ համշէնցիներու մէջ (կամ, աւելի ճիշդ, երիտասարդութեան, քանի որ հարցախոյզը պատասխանողներուն 80 առ հարիւրէն աւելի 18-է մինչեւ 44 տարեկան են): Նման երեւոյթ հաստատուեցաւ կրօնական գետնի վրայ (Տե՛ս «Կրօնք» բաժինը այս նոյն վիճակագրութեան մէջ):

 

Առաջ` թուրք, վերջը` համշենցի———————————— 14.94%

Առաջ` համշենցի, վերջը` թուրք————————————– 9.20%

Համշենցի, բայց Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի—— 14.94%

Երկուքն ալ նոյնքան կարեւոր են ինծի համար———————- 16.09%

Միայն մարդ արարած մըն եմ, ինքնութիւնս կարեւոր չէ———– 29.89%

Միայն համշենցի եմ—————————————————- 10.34%

Ուրիշ———————————————————————- 4.60%

Վերջին հաստատումը (Ուրիշ) ընտրողներուն պատասխաններն են:

Ա. Պատասխանը չեմ գիտեր: Հեմշինլի եմ բայց միաժամանակ Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի: Բայց թու՞րք եմ, հա՞յ եմ, չեմ գիտեր: Միայն գիտեմ, որ համշենցի եմ:

Բ. Միայն թուրք եմ:

Գ. Չեմ կարծեր, որ կարեւոր ըլլայ եթէ հեմշինլի եմ կամ Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի, բայց նաեւ իրաւ է, որ հեմշինլի եմ եւ Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի, որու հետեւանքով իրապաշտ հեմշինլի մըն եմ:

Դ. Առաջ` մարդ, վերջը` հեմշինլի, վերջը` թուրք:

Ըստ Պոլսահայ քաղաքագէտ Լեռնա Եանըքի (Անգարայի Բիլքենթ Համալսարանի դասախօս)` երրորդ հաստատումը (Համշենցի, բայց Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի)  կը գերադասէ Թրքական Հանրապետութեան պատկանելիութիւնը: Եանըքի համաձայն` «բայց»ը հարցումին մէջ կ’արտայտէ այդ գերադասութիւնը: «Եթէ հարցումը ըլլար «Համշենցի եւ Թրքական Հանրապետութեան քաղաքացի», երկու ինքնութիւնները կարելի կ’ըլլար համազօր նկատել»:

Գաղթականութիւն եւ ձուլում

Յաջորդ երկու հարցումներուն նպատակն է լուսաբանել գաղթականութեան եւ ձուլումի դրութիւնը համշենցիներու մէջ (մանաւանդ՝ երիտասարդներուն), որ վերջին տարիներուն նոր թափ ստացած է:

Կը կարծէ՞ք, որ այն համշենցի պզտիկները, որ իրենց աւանդական հողերուն վրայ կը մեծնան եւ չեն հեռանար համշենական գաղութէն, աննպաստ պայմաններու մէջ պիտի գտնեն իրենք զիրենց ապագայ արհեստավարժական ասպարէզին մէջ:

Այո——————————– 47.13%

Ոչ——————————— 43.68%

Թերեւս/Չեմ գիտեր————– 9.20%

Կարեւոր է՞, որ համշենցի մը համշենցիի հետ ամուսնանայ

Այո—————————————————————— 32.18%

Ոչ——————————————————————- 56.32%

Շատ պիտի փափաքէի, բայց պայմաններս չեն ներեր——— 6.90%

Թերեւս/Չեմ գիտեր———————————————— 0.00%

Ուրիշ—————————————————————- 4.60%

Վերջին հաստատումը ընտրողներուն պատասխաններն են:

Ա. Հեմշինլիները իրենց մշակոյթը պէտք չէ մոռնան: Այսպէս ըսած` մշակոյթները պէտք է միանան:

Բ. Մասամբ այո (կարեւոր է , որ համշենցի մը համշենցիի հետ ամուսնանայ): Սովորութիւնները եւ լեզուն կը կորսուին:

Գ. Որեւէ վնաս չկայ օտարախօս մէկուն հետ ամուսնանալու մէջ: Մշակոյթներու փոխանակում կը նկատեմ: Գէշ բան մը չեմ նկատեր…

Դ. Կարեւոր չէ, բայց եթէ ինքը համշենցի ըլլար, աւելի առիթ պիտի ունենայի ծննդավայրս այցելելու:

Կրօնք

Հարցախոյզէն կը բխի այն տպաւորութիւնը, որ պատասխանողներուն կրօնական պատկանելիութիւնը (այս պարագային՝ իսլամին, քանի որ բոլոր թրքաբնակ համշենցիները իսլամացած են) տկար է: Պատասխանողներու քառորդէն պակաս կրօնքը իրենց ազգային ինքնութեան կարեւոր մաս մը կը նկատեն: Արդիւնքները նաեւ կ’արտացոլեն յառաջացած ապակրօնացում հարցախոյզի մասնակցողներուն մէջ:

Կրօնքը կարեւոր մաս կը կազմէ՞ ձեր համշէնական ինքնութեան

Այո՛———————————————————————- 24.14%

Ո՛չ———————————————————————– 31.03%

Շատ կրօնասէր չեմ, բայց աւանդութիւնները կը նշեմ————- 16.09%

Շատ կրօնասէր չեմ եւ աւանդութիւնները չեմ նշեր—————— 3.45%

Կրօնք եւ ազգային ինքնութիւն կապ չունին————————– 25.29%

Հայութիւն

Հետեւեալ հարցումներուն նպատակը միայն լուսաբանական չէր, այլ գիտնալու համար իրենց դիրքորոշումը՝ ծայրայեղ հակահայ, կամ թրքամոլ: Խուսափեցանք կարգ մը վճռական հարցումներ ուղղելէ. օրինակ՝ Մեծ Եղեռնը, Հայաստանի թրքական շրջփակումը եւ ուրիշ նման բնոյթի նիւթեր, որոնք գրգռիչ կրնային ըլլալ կարգ մը մասնակցողներու համար, կամ  զիրենք վախցնել, քանի որ նման հարցումներու պատասխանը կրնայ նոյնիսկ զիրենք թրքական քրէական օրէնքի նախատեսուած պատիժներուն ենթարկել:

Կը հաւատա՞ք այն տեսութեան, որ համշենցիները եւ իրենց լեզուն հայկական ծագում ունին


Այո’——————————————————————— 59.77%

Ո՛չ———————————————————————- 21.84%

Ո՛չ, ծագումը թրքական է——————————————— 4.60%

Ո՛չ, ուրիշ ծագում ունի, ո՛չ թրքական, ո՛չ ալ հայկական———- 6.90%

Թերեւս/Չեմ գիտեր—————————————————- 6.90%

Եթէ համշէներէն կը խօսիք եւ հայախօս մէկուն հետ խօսած էք, ի՞նչ չափով զիրար հասկցած էք

 
Առանց դժուարութեան զիրար հասկցանք———————————– 8.11%

Վեր ի վարոյ զիրար հասկցանք, բայց ես իր ըսածը  աւելի հասկցայ—— 10.81%

Վեր ի վարոյ զիրար հասկցանք, բայց ինքը  զիս աւելի հասկցաւ———- 5.41%

Վեր ի վարոյ զիրար հասկցանք, հիմնականը հասկցանք—————— 27.03%

Ընդհանրապէս զիրար չհասկցանք,  բացի  քանի մը բառերէ————— 2.70%

Բնաւ զիրար չհասկցանք——————————————————- 2.70%

Երբեք հայու մը հետ չեմ խօսած———————————————- 43.20%

Քիչ մը ուշագրաւ է, որ հարիւրէն 43-ը հաստատէ, թէ երբեք հայու մը հետ չէ խօսած (արդեօք երբեք հայու մը հետ հայերէ՞ն չէ խօսած), քանի որ հարցախոյզը պատասխանողներուն մեծամասնութիւնը Պոլիս կը բնակի եւ անհաւանական է, որ երբեք հայու մը հանդիպած չըլլայ: Եթէ այս պատասխանը ճշմարիտ չէ, կարելի է վախի վերագրել։

Դուք ձեզի մաս կը նկատէ՞ք համշենական այն գաղութին, որ Վրաստան, Ռուսիա եւ ուրիշ տեղեր կ’ապրի եւ որ Թուրքիան ձգեց մէկ դարէ աւելի առաջ

 

Այո——————————————————————— 66.28%

Ոչ, թէեւ նոյն ծագումը ունինք————————————— 10.47%

Ոչ, նոյնը չենք——————————————————— 5.81%

Ոչ, բայց պիտի փափաքէի աւելի գիտնալ իրենց շուրջ———-12.79%

Թերեւս/Չեմ գիտեր————————————————– 4.65%

Ուրիշ աւելցնելիք ունի՞ք (Ընտիր պատասխաններ)

-«Ես ինծի հարց կու տամ, թէ որուն կը պատկանի պատմութիւնս»:

-«Հեմշինլի եմ եւ հպարտ եմ անով»:

-«Շատ ընտանիքներ ունինք, որ Համշէնը ձգեցին եւ մեկնեցան Ռուսիա եւ Վրաստան: Իրենք պահպանած են սովորութիւններ եւ բառեր, զորս մենք մոռցած ենք, եւ իրենք կը գործածեն  ճիշդ կերպով»:

-«Իմ  անձնական համոզումս է, որ հեմշինլիները ունին իրենց սեփական արմատները, որ ուրիշ արմատներէ բոլորովին տարբեր են»:

-«Զիս  կը հետաքրքրէ գիտնալ, թէ հեմշինլիները հայերուն կապուա՞ծ են, եւ թէ հայերէնը աւելի դիւրին պիտի չըլլա՞ր, եթէ լատինատառ այբուբենով գրուէր»:

-«Հեմշինլի ըլլալը պատիւ չէ»:

-«Կեցցէ՛ ժողովուրդներու եղբայրութիւնը»:

-«Շատ ուրախ եմ հեմշինլի ըլլալով»:

-«Իմ կարծիքս այն է, որ համշէներէնը արեւմտահայերէնի բարբառ մըն է: Քանի որ մենք այբուբեն չունինք, շատ բառեր սխալ կը գրենք. . . Ինքնաշխատութեամբ արեւելահայերէն կը սորվիմ` կարգ մը գիրքերու եւ բառարաններու օգնութեամբ: Յուսամ` ձեր դասախօսութիւնը կարդալու առիթ կ’ունենամ»:

-«Հպարտ եւ ուրախ եմ հեմշինլի ըլլալով: Հեմշինլիները շատ ժամանակ հայերու հետ ապրած են, անոր համար այս ձեւով զարգացած ենք»:

-«Հեմշին ինքնութիւնը շատ զօրաւոր է, երբեք թուրք ազգայնական չենք եւ ընկերվարական ենք»:

-«Շատ հետաքրքրուած էի այս հարցախոյզով, բայց նոյնիքն հարցախոյզի բնոյթէն հետեւցնելով`   յայտնի է թէ, ո՞վ կայ ասոր ետին»:

-«Թուրք հեմշինլիները գիտեն իրենց հայկական արմատներու մասին: Բայց լեզուն եւ կրօնք կորսնցուցին դարեր առաջ: Ատիկա շատ մեծ  նշանակութիւն չունի: Անոնք, որ կը հերքեն այս իրողութիւնը,  պարզապէս կը խուսափին  իրենց դէմ խտրականութեան ալիքէ մը»:

-«Թիւ 8 հարցումին շուրջ՝ այսօրուան հեմշինլիները կարելի չէ սահմանել հեմշինլի կամ թուրք  տարբերակի մը պիտակով: Ուրիշ նրբերանգներ կամ  բնութագրումներ կարելի   է նեռարել»:

-«Թիւ 10 հարցումին շուրջ՝ այո, մեր մէջ ամուսնանալը  կը նպաստէ մեր ինքնութեան պահպանումին: Նաեւ աշխարհագրութիւնը: Բայց կառավարութիւնը պէտք է զարկ տայ մեր ազգային  մշակոյթի  զարգացման եւտարածման, այս ձեւով կը սատարէ մեր ինքնութեան  պահպանումին»:

-«Թիւ 12՝ այն կարծիքին եմ որ համշէներէնին արմատը արեւմտահայերէնն է: Բայց վստահ չեմ ցեղային պատկանելիութեան շուրջ»:

Akunq.net

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ