Genocide1915.org-ը տեղեկատուական կայք է` նուիրուած 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իրականացուած Ցեղասպանութեան, որուն հետեւանքով հալածանքներու ենթարկուած են հայերը, ասորիները, ինչպէս նաեւ Անատոլիայի եւ Պոնտոսի յոյները:
Հակառակ Հայոց ցեղասպանութեանը նուիրուած բազմաթիւ լաւ տեղեկատուական կայքերու առկայութեան` նոր genocide1915.org կայքը կոչուած է բացատրելու հանրութեան ցեղասպանութան էութիւնը, առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, անոնց «ետնաբեմը», Թուրքիայի մերժողական քաղաքականութիւնը, ճանաչման գործընթացը, ինչպէս նաեւ պիտի տրամադրէ այլ տեղեկութիւններ եւ նիւթեր, ներառեալ` լուսանկարներ, տեսանիւթեր:
Genocide1915.org կայքը շուէտալեզու Folkmordet1915.org կայքի անգլերէն տարբերակն է, որ ստեղծուած է Շուէտի Ռիքսթագի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման քարոզարշաւի ծիրէն ներս: Genocide1915.org ստեղծուած է Armenica.org-ի կողմէ` Շուէտի հայկական ընկերակցութիւններու միութեան հետ համատեղ:
http://tert.am/hy/news/2012/04/16/genocide-newsite/
Leave a Reply