Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» շաբաթաթերթը կը տեղեկացնէ.
Ֆրանսայի Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի Եւրոպական գրասենեակին մէջ Եւրոպական խորհուրդի Կրթամշակութային բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնութեան «Բազմալեզւութեան» կազմի ղեկավար Տիկին Պէլէն Պերնարտօ տը Քուիրոսս բացատրեց Եւրոպական խորհուրդի բազմալեզւութեան հայեցակարգը եւ անոր նեցուկ հանդիսանալու քաղաքականութեան ծալքերը։ Վերջին բաժինը յատկացուած էր հարցում-պատասխանի։ Տիկին Պերնարտօ տը Քուիրոս հաւաստեց, որ հայերէնը, յատկապէս արեւմտահայերէնը իր արժանի տեղը ունի Եւրոպական Միութեան լեզուներու համաստեղութեան մէջ։ Յիշեցուց, որ երկրագունդին վրայ ներկայիս գոյութիւն ունին 7000 լեզուներ, եւ ըստ մասնագէտներու նախատեսութիւններուն՝ անոնց կէսը մահուան դատապարտուած է մինչեւ 2050։ Ուրեմն, հայ համայնքին կ՚իյնայ զայն աշխուժացնելու, կենսունակ պահելու ծրագիրներ մշակելու գործը, որուն Եւրոպական Միութիւնը կրնայ աջակցիլ, եթէ այդ ծրագրերը համապատասխանեն ԵՄ-ի կրթական եւ մշակութային չափանիշերուն եւ հեռանկարներուն։ Դրամական նպաստները թերագնահատելի չեն, մինչեւ 200.000 հազար եուրօ:
Երկօրեայ այս ուղեւորութիւնը դէպի Եւրոպական Միութեան կեդրոնատեղին՝ յագեցած իր բազմազան յայտագրերով, ֆրանսահայ համայնքի կարգ մը պատասխանատուներուն համար գործունէութեան նոր դռներ բանալու, նոր հեռանկարներ ընծայելու կարողականութիւնն ունէր։ Բոլորին մօտ զգալի էր խանդավառութեան բարձր աստիճանը, եւ անոր համազօր հարցադրումները եւս մեծ էին։ Ինչպէ՞ս պատրաստել հսկայական եւ կազմակերպ աշխատանք պահանջող թղթածրարներ։ Զգալի էր միջազգային կազմակերպութիւններու հետ հաղորդակցուելու փորձին պակասը։ Հայկական կազմակերպութիւններու համար նոր մակարդակ ձեռք բերելու անհրաժեշտութիւնը ցցուեցաւ իբր գրաւական:
http://tert.am/hy/news/2012/04/16/arevmdahayeren/
Leave a Reply