«Հայ-թրքական հաշտեցման խումբը» հանդիպում ունեցած է Ուաշինքթընի մէջ

Թուրքերուն հետ երկխօսելու կողմնակից որոշ ամերիկահայեր, հակառակ Սփիւռքի քննադատութիւններուն, մասնակցած են Ուաշինքթընի մէջ կայացած «Հայ-թրքական բարեկամութեան խումբի» հաւաքին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական Zaman-ը, «Հայ-թրքական հաշտեցման» հարցերով զբաղող «HasNa» խումբի կարգախօսը Թուրքիոյ մէջ սպաննուած հայազգի լրագրող Հրանդ Տինքի` «երկխօսութիւնը միակ լուծումն է» խօսքերն են:

Թրքական կողմի բանախօս Օմեր Թաշփընարը նշած է, որ հայերուն հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման միակ ճանապարհը կրնայ ըլլալ երկու ժողովուրդներու երկխօսութիւնը: «Հայերը 1915-ի դէպքերէն, իսկ թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն վնասուածքներ ստացած են»,- ըսած է ան` կողմերուն կոչ ուղղելով չփորփրել զանոնք:

«Հայերու մէկ մասը կը պնդէ, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ փոխհատուցում տայ` նաեւ տարածքներու վերադարձի ձեւով: Իսկ երկխօսութեան սկզբնական փուլը պէտք է տեղի ունենա 1915-ը ցեղասպանութիւն համարող թուրքերու, եւ դէպքերը հրէական Հոլոքոստին չնմանեցնող հայերու միջեւ»,- ըսած է ան:

Հայ մասնակիցներէն մէկը նկատել տուած է, որ նման քննարկումներ միշտ տեղի կ’ունենան 1915-ի դէպքերու յիշատակի օրուան` Ապրիլ 24-ին նախորդող օրերուն: Այլ հայ մը թրքական կառավարութեան խորհուրդ տուած է այդ հարցով «կրթել» թուրք ժողովրդը:

Լրագրողներուն տուած ճեպազրոյցին ամերիհակայ Մարի Քիպարեան նշած է, որ ինքը կողմ է երկու ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք չէ նախապայման ըլլայ անոր համար: Ան պնդած է, որ հայ-թրքական սահմանը պէտք է բացուի առանց նախապայմաններու:

Յիշեցնենք, որ «Քալիֆոռնիա Քուրիեր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան գրած էր, որ «HasNa» խումբը հանդիպումները տեղի կ’ունենան Թուրքիոյ ԱԳՆ-ի ջանքերով:

«Այն հայերը, որոնք կը ներգրաւուին Թուրքիոյ հաւաքագրման ծրագրերուն մէջ, հաւանաբար կը ձգտին համբաւի կամ հարստութեան, կամ բարի մտադրութիւն ունեցող միամիտ լաւատեսներ են: Այնուամենայնիւ, անկախ անկէ, թէ որոնք են վիճայարոյց գործելակերպերու մէջ ներգրաւուելու դրդապատճառները, անոնք պէտք է նկատի առնեն, թէ իրենց գործողութիւնները ինչ հետեւանքներու կրնան յանգեցնել»,-գրած էր Սասունեան:

http://tert.am/hy/news/2012/04/14/hasna1/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ