Ինչպէս նախապէս յայտնած էինք, Գերմանիոյ կանցլեր Անկելա Մերկելը երկրի կառավարութեան ներկայացուելիք առաջարկներու համացանցային քուէարկութիւն նախաձեռնած էր:
www.dialog-ueber-deutschland.de կայքի մէջ տեղադրուած հարցման առաջնակարգը 150 հազար քուէով դարձած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին առաջարկը:
Երկրորդ տեղն է Գերմանիոյ մէջ իսլամի շուրջ քննարկումներ սկսելու, իսկ երրորդ տեղը` երկրի մէջ թմրանիւթերու օգտագործումը օրինականացնելու մասին առաջարկ:
Քուէարկութեան արդիւնքները կ’ամփոփուին վաղը:
http://tert.am/hy/news/2012/04/13/merkel/
Leave a Reply