ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Համագործակցութեամբ Ամերիկայի Կարմիր Խաչին, ինչպէս նաեւ ՀԵԴի, ՀՄԸՄի եւ Ամերիկայի երիտասարդ քրիստոնեաներու ակումբի (YMCA) Կլենտէյլի մասնաճիւղերուն, Կլենտէյլի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս տարի եւս նախաձեռնած է երկու արիւնարշաւներու՝ ոգեկոչելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Արիւնարշաւներէն առաջինը տեղի պիտի ունենայ Ապրիլ 22ին, կ.ա. ժամը 10էն կ.ե. ժամը 4, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ (500 S. Central Ave., Glendale, CA 91204), իսկ երկրորդը՝ Մայիս 3ին, կ.ե. ժամը 1-7, Ամերիկայի երիտասարդ քրիստոնեաներու ակումբի Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ (Center (130 N. Louise St., Glendale, CA 91206):
Ըստ Ամերիկայի Կարմիր Խաչին տուեալներուն՝ Հարաւային Քալիֆորնիոյ 24 միլիոն բնակչութեան միայն 3 տոկոսը արիւն կը նուիրէ, իսկ Կլենտէյլի Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Հելէն Ասատրեան կը յայտնէ, թէ խորհրդանշական այս արշաւները շատ լաւ առիթներ են համայնքին օժանդակելու համար:
Սոյն արշաւներուն գոյացած արիւնը պիտի նուիրուի Կլենտէյլի «Մեմորիըլ» եւ «Էտվենթիս»չ հիւանդանոցներուն:
Ամերիկայի երիտասարդ քրիստոնեաներու ակումբի վարիչ Ճորճ Սէյքելի կը յայտնէ, թէ յոյժ կարեւոր է յիշել Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ կեանքեր փրկելու կարելիութիւնը ունեցող նման նուէր մը՝ լաւագոյնն է վար պահելու համար այդ ահաւոր ոճիրի զոհերուն յիշատակը:
Նուիրատուները պէտք է բոլորած ըլլան 16 տարիքը եւ նուազագոյնը 110 փաունտ կշիռք ունենան: Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ ժամադրութեանց համար, դիմել (818) 243-3444 կամ (818) 240-4130, ext. 34 թիւերուն, կամ այցելել www.redcrossblood.org կայքը:
http://asbarez.com/arm/127851/
Leave a Reply