Պոլսոյ մէջ քննարկուած է հայ համայնքին պատկանող հողերուն վերադարձի հարցը

Ապրիլ 11ին Պէյքօզի թաղային խորհուրդի անդամ Արետ Չիչեքեքեր փոխանցած է հրաշալի լուր մը, ըստ որուն՝ դատարանը Պէյքօզի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ի նպաստ վճիռ արձակած է այն դատին շուրջ, զոր թաղային խորհուրդը բացած էր՝ պահանջելով համայնքին վերադարձնել նախկին գերեզմանատան հողամասը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։

Ըստ թերթին՝ այս հողամասը շատ սովորական հողամաս մը չէ։ Անիկա Վոսփորի ափին, ծովեզերեայ, 37,500 քառակուսի մեթր տարածութեամբ հողատարածք մըն է, որ երկար ժամանակէ ի վեր գրաւուած էր ու յատկացուած տարբեր շինութիւններու։ Պէյքօզի եկեղեցին, որ այսօր աստղաբաշխական արժէք ունեցող նմանօրինակ հողամաս մը կորսնցուցած ըլլալու հետեւանքով՝ տասնամեակներէ ի վեր կանգուն կը մնայ միայն ժողովուրդին կողմէ կատարուած նուիրատւութիւններով, եթէ տիրանայ այս հողամասին`ատիկա պիտի ըլլայ բախտաւորութիւն մը, որմէ պիտի օգտուի ամբողջ համայնքը։ Սակայն տակաւին պէտք է սպասել մօտաւորապէս տարի մը եւս, մինչեւ որ աւարտի նաեւ Վճռաբեկի դիմումին գործընթացը։ Յիշեալ հողատարածքին վերաբերեալ դատը բացուած էր Կալուածոց յանձնախումբին ու Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան զօրակցութեամբ։ Եթէ հողատարածքը վերադարձուի ու վերստին արձանագրուի Պէյքօզի եկեղեցւոյ անունով, ըստ նախապէս կնքուած համաձայնութեան՝ այդ հողատարածքը արժեւորելու գործը պիտի յանձնուի Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Պէյքօզի թաղականները այժմէն կը յայտնեն, որ կալուածը պիտի օգտագործուի ամբողջ համայնքին ի նպաստ։

Միւս կողմէ` Ապրիլ 10ի-ն Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի, Անգարա այցելեց՝ հանդիպում մը ունենալու համար փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչի հետ։ Հանդիպման ընթացքին օրակարգի բերուած են համայնքային քանի մը կարեւոր հարցեր, ինչպէս՝ Ս. Խաչ դպրեվանքի կարգավիճակի սրբագրութեան համար բացուած դատը, Սամաթիոյ ազգապատկան հողամասերուն վրայ քաղաքապետութեան կողմէ դրուած արգելքը, Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի հանդիպակաց հողամասերուն վերադարձուելուն համար բացուած դատը, եւ այլն։

Արընչի հետ այս հանդիպումը կայացած է ջերմ ու փոխադարձ հասկացողութեան մթնոլորտի մէջ ու տեւած է մօտաւորապէս 45 վայրկեան։ Դպրեվանքի հարցին առնչութեամբ փոխվարչապետը վստահեցուցած է, որ կարճ ժամանակի մէջ դրական կերպով պիտի կարգադրուի այս խնդիրը։

Տրուած ըլլալով, որ օդանաւը Անգարա հասած է մօտաւորապէս կէս ժամուան յապաղումով, փոխվարչապետին հետ հանդիպումը ակնկալուածէն կարճ տեւած է եւ կարելի չէ եղած լայնօրէն քննել Սանասարեան խանի խնդիրը։ Արընչ յայտնած է, թէ մօտ օրէն Պոլիս պիտի այցելէ եւ պիտի քննէ այդ հարցը:

http://tert.am/hy/news/2012/04/12/ateshian-arinch/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ