Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 15-րդ դատարանը երէկ կայացուցած որոշումը կատարած է եւ՝ ազատ արձակած Ռակըփ Զարաքօլուն:
Բանտէն դուրս գալէն ետք ան ճեպազրոյց ունեցած է եւ նշած, որ իրեն համար ինչպէս իր ձերբակալութիւնը անակնկալ եղած է, այնպէս ալ բանտէն ազատ արձակուիլը:
«Ոչ բանտարկելու ժամանակ կարծիքս հարցուցին, ո’չ ալ ազատելու ժամանակ»,- ըսած է ան:
Անդրադառնալով իրեն ուղղուած մեղադրանքներուն, թէ ահաբեկչական ուժերու քաղաքական ակադեմիաներուն մէջ դասաւանդելով՝ օժանդակած է ահաբեկչական խմբաւորման, Զարաքօլու զանոնք անիմաստ եւ անհիմն համարած է:
«Քաղաքական ակադեմիաներ աշխարհի բոլոր կուսակցութիւնները ունին: Ես դասաւանդած եմ նաեւ արտասահմանի մէջ, օրինակ` Գերմանիոյ սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան ակադեմիային մէջ: Այս միջադէպը իրականութեան մէջ ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի խտրական վերաբերմունք կայ»,- ըսած է ան:
Leave a Reply