Սթամպուլի ծանր յանցագործութիւններու 15-րդ դատարանը ազատ արձակած է թուրք հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, հայամէտ դիրքորոշմամբ յայտնի Ռակըպ Զարաքօլուն, կը տեղեկացնէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:
Անոր հետ միասին ազատ արձակուած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) «Քրտական համայնքներու միութեան» (KCK), ահաբեկչական օգնութիւն ցուցաբերելու համար մեղադրուող եւս 15 անձ:
Յիշեցնենք, որ Ռակըպ Զարաքօլուի դէմ գործ յարուցուած էր «ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութիւն ցուցաբերելու» մեղադրանքով:
Սթամպուլի դատախազութիւնը արդէն պատրաստած է մեղադրական ակտը, ըստ որուն, եթէ մեղադրանքը հաստատուի, Հայոց ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարող եւ նոյն այդ գործունէութեան համար բազմիցս քրէական հետապնդման ենթարկուած թուրք իրաւապաշտպանին կը սպառնայ 7.5-էն 15 տարուան ազատազրկում:
Գործով Ռակըպ Զարաքօլուի հետ միասին 193 մեղադրեալ կայ, որոնցմէ կալանքի տակ կը պահուէին 147-ը:
Leave a Reply