Միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ հայերու դերին նուիրուած դասախօսութիւն

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ «Ապրիլ» գրատան, երեքշաբթի` ապրիլ 17-ին` երեկոյեան ժամը 8ին, փրոֆ. Սեդա Տատոյեան պիտի ներկայացնէ միջնադարու իսլամական աշխարհին մէջ հայերու դերակատարութեան նուիրուած իր հատորը, որ կը կեդրոնանայ 7-11-րդ դարերու իսլամ-հայկական յարաբերութեանց պատմութեան վրայ:

Պատմական շարք մը հատորներու հեղինակ փրոֆ. Սեդա Տատոյեան դասաւանդած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին, ինչպէս նաեւ Քոլոմպիա եւ Շիքակոյի համալսարաններուն մէջ: Ձեռնարկին մուտքը ազատ է, եւ դասախօսութեան աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն:

«Ապրիլ» գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Suite 102, Glendale: Յաւելեալ տեղեկութեանց համար դիմել (818) 243-4112 թիւին կամ noor@abrilbooks.com հասցէին:

http://asbarez.com/arm/127354/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ