Տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի գիտաշխատող Ռուբինա Փիրումեանի` Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած գիրքի շնորհանդէսը:
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեան մէջ կամ` Ցեղասպանութեան ընկալումը այս սերունդին կողմէ, որ այդ աղէտալի տարիները ապրեցաւ» գիրքին հեղինակը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ թէեւ քայլեր կը ձեռնարկուին Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ, դեռ շատ ընելիք կայ այդ հարցով:
«Շուտով մեր Ցեղասպանութիւնը պիտի դառնայ 100 տարեկան եւ մոռացութեան պիտի դատապարտուի: Մենք կրնա՞նք արդեօք հանգրուանային լուծման գալ: Ես չեմ ուզեր ժխտել, մենք քայլեր կ’առնենք, ուղղակի դեռ շատ բաներու չենք հասած»,– ըսաւ Ռուբինա Փիրումեան:
Ան նաեւ նշեց, որ Ցեղասպանութեան դատապարտման ուղղուած պայքարը աւելի պէտք է զօրանայ, եւ գիրքը կը նուիրուի այդ պայքարին:
«Ասիկա երրորդ գիրքս է, որ կը հրատարակուի, մենք պէտք է ակադեմական ճակատով նոյնպէս պայքարինք, եւ իմ հրատարակութիւնները, թող իբրեւ պարզ զինուորներ, միանան այդ պայքարին»,- ըսաւ ան:
Ռուբինա Փիրումեանի հեղինակած գիրքը անգլերէն է եւ աւելի շատ ուղղուած է դուրսի լսարանին համար:
«Ես երբեք չեմ փաստած, որ եղած է Ցեղասպանութիւն, քանի որ ատիկա փաստելու կարիք չկայ: Ցեղասպանութիւնը իմ գիրքի մէջ է»,- ըսաւ հեղինակը:
Գիրքը հրատարակուած է ՀՀ Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Ցեղասպանութեան թանգարան–ուսումնարանի միջոցներով:
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որ ըսաւ, որ մենք «բոլորս նոյն ճամբարի մէջ ենք եւ բոլորս մի խրամատից ենք պայքարում»:
«Շահեկան է, որ անգլերէն լեզուով է հրատարակւում, սա քարոզչութեան լաւ միջոց է եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի օրինակ: Այս գիրքն էլ գալիս է միանալու մեր պայքարի կենդանի զինուորներին: Պէտք է ասեմ, որ Ապրիլի 23-ին տեղի կ’ունենայ հազուագիւտ մի ցուցահանդէս` գրքերի ցուցադրութիւն: Այդ օրը կը ներկայացուի 300 անուն գրականութիւն, որոնք այս տարիների ընթացքում տպագրուել են: Այս ցուցադրութիւնը նախադէպը չի ունեցել երբեք»,- ըսաւ Հայկ Դեմոյեան:
http://tert.am/hy/news/2012/04/10/book-on-genocide/?sw
Leave a Reply