Տէվլէթ Պահչէլի Ֆրանսայի մէջ ասպարէզ կարդաց Հայկական Ցեղասպանութեան պնդումներու դէմ

Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութեան նախագահ Տէվլէթ Պահչէլի, կրկնելով Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշի ըրածը, Ֆրանսայի մէջ բաձրաղաղակ յայտարարեց, որ Հայկական ցեղասպանութիւնը հէքեաթ մըն է, շինծու պատմութիւն, զառանցանք մը, այդպիսի բան չէ պատահած։ «Անգարայի մէջ ինչ որ կ՚ըսեմ, Ֆրանսայի մէջ ալ նոյնութեամբ կը յայտարարեմ ահաւասիկ»,- ըսաւ Պահչէլի։

Պահչէլի Ֆրանսա գացած էր մասնակցելու համար Եւրոպայի «Իւլքիւճիւ»ներու Միութիւններուն կողմէ Մէց քաղաքի մէջ կազմակերպուած 10-րդ համաժողովին։ «Սիրելի Գորշ Գայլեր, սիրելի Ասէնաներ»,- ըսելով խօսքի սկսաւ Պահչէլի։

Պահչէլի անդրադարձաւ Ֆրանսայի մէջ վերջին վայրկեանին Սահմանադրական Խորհուրդի կողմէ բեկանուած այն օրէնքին, որ հայկական ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն կը նկատէ։Պահչէլի պնդեց, որ Եւրոպայի մէջ կարգ մը ազգայնապաշտ կազմակերպութիւններ ամէն միջոցի կը դիմեն, որպէսզի Թուրքիան ցոյց տան որպէս ցեղասպանութենէ կամ սպանդէ պատասխանատու յանցագործ երկիր։ Պահչէլի, որ միշտ իր կոկորդը պատռելու գնով կը խօսի, այս անգամ ալ նոյն ոճով ժխտեց ցեղասպանութեան պնդումը եւ ըսաւ, որ հիմա շատ աւելի աշխոյժ կերպով նոյնը կը կրկնէր, եթէ օրէնքը վերջին վայրկեանին բեկանուած չըլլար Սահմանադրական Խորհուրդի կողմէ։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր կուսակիցներուն ու ըսաւ, որ անոնք Եւրոպայի մէջ բարձր պահեցին Թուրքին արժանապատուութիւնը ու պաշտպանեցին Թուրք ժողովուրդը։ Պահչէլի ըսաւ, որ Հայերն ալ այլեւս պէտք է տեսնեն այս իրականութիւնը, որովհետեւ ոչ մէկը բան մը կը շահի պատմութեան մէջէն թշնամութիւններ ստեղծելով։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ