Թուրքիայէն եկեղեցիներու վերադարձը պահանջող բանաձեւ՝ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին մէջ

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Խաչօ Աշաճեան նահանգի խորհրդարանին ու Ծերակոյտին ներկայացուցած է միացեալ թիւ 34 բանաձեւը, որուն մէջ կը պահանջուի Թուրքիոյ իշխանութիւններէն՝ յարգել երկրին փոքրամասնութեանց կրօնական ազատութիւնները ու անոնց վերադարձնել Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ բռնագրաւուած եկեղեցիները եւ եկեղեցապատկան կալուածները:

«Կրօնական հանդուրժողականութիւնն ու ազատութիւնը արդի ընկերութեան սիւներէն են: Այս բանաձեւը կոչ մըն է Թուրքիոյ կառավարութեան, որ վերջ տայ կրօնական խտրականութեան եւ գրաւուած եկեղեցապատկան ստացուածքը վերադարձնէ իր իրաւատիրոջ», կը յայտնէ Աշաճեան, որ նահանգի 33-րդ ընտրատարածքը կը ներկայացնէ:

Բանաձեւը հիմնուած է անցեալ տարուան դեկտեմբերին Ներկայացուցիչներու տան կողմէ վաւերացուած բանաձեւին վրայ:

Ինչպէս հաղորդած էինք, ամէն տարուան նման, այս տարի եւս Քալիֆորնիոյ մայրաքաղաք Սաքրամենթոյի մէջ հանդիպումներու եւ ձեռնարկներու շարքի մը նախաձեռնուած է՝ Հայկական Ցեղասպանութեան 97-րդ տարելիցը ոգեկոչելու համար:

Քալիֆորնիոյ խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին մէջ կայանալիք այս տարուան ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան հինգշաբթի` ապրիլ 19ին: Անոնց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (818) 500-1918 թիւին կամ tereza@anca.org հասցէին, իսկ տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ancawr կայքէջը:

http://asbarez.com/arm/127322/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ