ՍԼՈՎԱՔԻՈՅ ՄԷՋ ԹՈՒՐՔԵՐԸ, ԻՆՉ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ ԱԼ ԸԼԼԱՆ, ՊԻՏԻ ՊԱՏԺՈՒԻՆ
Տէվլէթ Պահչէլի Ֆրանսայի մէջ բարձրաղաղակ ըսաւ, որ Հայկական ցեղասպանութիւնը զառանցանք է, հէքեաթ է, այդպիսի բան չէ պատահած, եւ այդ կերպով ասպարէզ կարդաց այն օրէնքին որ ցեղասպանութեան ուրացումը կը պատժէ Ֆրանսայի մէջ, եւ որ վերջին վայրկեանին բեկանուեցաւ Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին կողմէ: Պահչէլի շատ ալ մտահոգ չէր այլեւս, որ զինքը կը ձերբակալեն, բայց ըսաւ որ աւելի խիստ կը խօսէր եթէ օրէնքը բեկանուած չըլլար։
Պահչէլի այսքան խիստ խօսեցաւ առանց պատժուելու, բայց կ՚երեւի, թէ անպայման պիտի պատժուէր, եթէ նոյն խօսակցութիւնը ըրած ըլլար Սլովաքիոյ մէջ։ Լրատու գործակալութիւնները կը հաղորդեն, որ Սլովաքիոյ նախկին Դատական Նախարար եւ Փոխվարչապետ, այժմ Բարձրագոյն Ատեանի Նախագահ Սթէֆան Հարապին ըսած է, որ ոեւէ Թուրք որ Սլովաքիոյ մէջ պիտի ուրանայ հայկական ցեղասպանութիւնը, ինչ մակարդակի ու աստիճանի վրայ ալ ըլլայ, հինգ տարի բանտարկութեան պիտի դատապարտուի։
Հարապին այս յայտարարութիւնը ըրած է Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլավայի մէջ հայկական ցեղասպանութեան զոհերու ի յիշատակ կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ գտնուած են նաեւ Հայաստանի Սահմանադրական Ատեանի Նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանի ընկերացող Հայ քաղաքագէտներ։ Հարապին ըսած է որ իրենք մեծ յանցագործութիւն կը նկատեն Հրէական ու Հայկական ցեղասպանութիւններուն ուրացումը։ Համացանցի վրայ Թուրք մամուլի կողմէ այս լուրը հաղորդուեցաւ սա հետաքրքրական խորագրով. «Թուրքերու աչքի արցունքին պիտի չնայի եղեր»։
ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ ԵԿԱՒ ԷԿԷՄԷՆ ՊԱՂԸՇԷՆ
Սլովաքիոյ Բարձրագոյն Ատեանի Նախագահ Հարապինի վերի խօսքերուն դէմ հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան Նախարար Էկէմէն Պաղըշ, որ անցեալները Զուիցերիոյ մէջ յայտարարած էր, որ Հայկական ցեղասպանութիւն չէ պատահած։ Պաղըշ այս անգամ կը մասնակցէր Սուիս Պանդոկի մէջ «Ղրիմցիներու Գիշեր» կոչուած հաւաքոյթին։ Իր ելոյթին մէջ Պաղըշ ըսաւ, որ Ղրիմի ժողովուրդը շատ բան քաշած է, եւ յանձնարարեց, որ պատմաբաններ ու քաղաքագէտներ ուսումնասիրեն, թէ ինչեր քաշած է Ղրիմի ժողովուրդը։ Այնուհետեւ ան այս հարցը կապեց Սլովաքիոյ Բարձրագոյն Ատեանի Նախագահին ըսածին ու ըսաւ, որ ամէնէն վերջին օրինակն է Սլովաքիոյ մէջ այն նախկին քաղաքագէտը, որ ելոյթ ունեցեր է ու իր մոյկէն վեր ելլելով` կարգ մը բաներ ըսեր է Թուրքերու դէմ։ «Անոր ալ պիտի պատասխանեմ իրենց իսկ առածով։ Արդարեւ Սլովաքիական առած մը կ՚ըսէ. «Սուտին մէկ ոտքը կարճ է», ըսաւ Պաղըշ։ Պաղըշ յանձնարարեց որ մարդիկ իրական նիւթերով զբաղին, փոխանակ սուտ պնդումներու հետեւելու։
Պաղըշ, ինչպէս պիտի յիշուի, անցեալները Զուիցերիոյ մէջ ժխտած էր Հայկական ցեղասպանութիւնը. «Հիմա թող գան եւ զիս ձերբակալեն»,- ըսած էր։ Բայց դատախազը չձերբակալեց զինքը, որովհետեւ Զուիցերիոյ Արտաքին Նախարարութիւնը յիշեցուց, որ Պաղըշ ունի դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն։
Հիմա ոեւէ Թուրք քաղաքագէտ Սլովաքիոյ մէջ ալ նոյնը ընել պիտի փորձէ՞ արդեօք։
Leave a Reply