ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Հովանաւորութեամբ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՕՄի Փասատինայի «Սօսէ» մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, Ապրիլ 10ին, երեկոյեան ժամը 8ին տեղի պիտի ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 97ամեակին նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ընթացքին «Բերանացի պատմութիւնը վերածել ապրող արխիւի մը» նիւթով սահիկներու ցուցադրութիւն մը պիտի կատարէ լուսանկարիչ Արա Օշականը, իսկ Սուզան Տուզմանեան-Պէրպէրեան պիտի խօսի Հայկական Ցեղասպանութեան կրթական ծրագիրին մասին:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Փասատինայի Հայ կեդրոնին մէջ (2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, CA 91107): Մուտքը ազատ է:
http://asbarez.com/arm/127245/
Leave a Reply