Հայ Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, և Յոյն Որդոտոքս եկեղեցւոյ մեջ՝ երկուքը իրարմէ բաժնող տարբերութիւն ըլլալով, պիտի նշանակենք միայն Հայոց կողմէն Քաղկեդոնի ժողովին մերժումը, և հետեւաբար անկէ ետքը եկող ժողովներն ալ չճանչնալը։ Մնացեալ դաւանական կէտերու նկատմամբ երկու եկեղեցիներ կատարելապէս համաձայն են։ Որովհետեւ պետք է գիտնալ, որ եթէ Հայոց Եկեղեցին Քաղկեդոնէ ետքը Յոյներու կողմէ գումարուած ժողովները չի ճանչնար, ոչ թէ նովին իսկ նոյն ժողովներու մեջ ընդունուած կէտերը մերժած կ՛ըլլայ։ Այսպէս Երեք Գլուխներու դատապարտութիւնը, որ հինգերորդ ժողովին մեջ որոշուեցաւ, և որ պարզ և յստակ վերադարձ մըն էր Եփեսոսական վճիռներուն, յայտնապէս Հայ Եկեղեցւոյ վարդապետութեան հաստատութիւնն եղաւ։ Իսկ վեցերորդ ժողովի մեջ յուզուած Միակամեայց խնդիրը, նորէն յետադարձ մըն էր դէպի Քաղկեդոնական դրութիւնը։ Եօթներորդ ժողովին մէջ որոշուած պատկերներու խնդիրը, աւելի ծիսական բնութիւն ունէր քան վարդապետական։ Հայոց Եկեղեցին ալ, առանց մերժելու պատկերներու յարգութիւնը, զայն շատ սեղմ և ամփոփ չափի վերածած է։ Արձաններ, այսինքն մարդակերպ անդրիներ, բոլորովին իսկ արգիլուած են, հին կռապաշտութեան երեւոյթն ալ ջնջելու համար։ Նկարէն պատկերներուն և հարթաքանդակ պատկերներուն գալով, կը հրամայէ զանոնք յատուկ օրհնութեան և միւռոնի օծման ենթարկել, որպէս զի որեւէ արուեստակերտ և սովորական առարկաներէ զատուին, և այդ տեառնագրութենէն ետքը միայն կ՛արտօնէ եկեղեցիներու մէջ և խորաններու վրայ զետեղել։ Հակառակ ուրիշ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն սովորական դարձած բարեպաշտութեան, Հայ Եկեղեցւոյ հաւատացելոց ներեալ չէ տուներու և ուրիշ բնակարաններու կամ հասարակաց տեղերու մէջ հոգեւոր յարգանաց առարկայ եղող պատկերներ զետեղել, որով որոշակի կերպով իրարմէ կը զատուին հոգեւոր յարգանքի և արուեստական զարդի առարկաները։
Դաւանական բացատրութեանց կամ բանաձեւերու վրայ ալ խօսելով, Հայոց Եկեղեցին խղճամիտ ճշդութեամբ անփոփոխ կը պահէ նախկին և աւանդական ձեւերը։ Այդ պատճառով նա չ՛ընդունիր Եւ յՈրդւոյ յաւելուածը, առանձնական դատաստանը, մաքրարանի (Purgatoire) պատիժները, մահուընէ անմիջապես ետքը երանաւէտ տեսութիւնը, գոյացափոխութեան դրութիւնը, ներողութիւններու ձեւակերպութիւնը և պապական կոչուած իշխանութեան վարդապետութիւնը։ Այդ ամէն նորութիւնները, որոնք Լատին Կաթոլիկ եկեղեցին հետզհետէ աւելցուցած է, հետեւանք են ինչինչ նախկին սովորութեանց կամ իրողութեանց տրուած քմահաճ և անտեղի մեկնութիւններուն։
Հայոց Եկեղեցին, դաւանական կէտերու նկատմամբ իբրեւ կանոն կ՛ընդունի՝ նուազագոյն չափին և անհրաժեշտ պահանջին սահմաններէն անդին չանցնիլ, կը սիրէ խստագոյն պահպանողութեան հաւատարիմ մնալ։ Այն մեծ սկզբունքը, որ Արեւմտեան եկեղեցւոյ վարդապետներէն մէկը հռչակած է, բայց որ նոյն եկեղեցւոյ հետեւողներէն մոռացութեան տրուած է, Հայոց Եկեղեցւոյն մէջ անխախտ և գործածական օրէնք եղած է։ Միութիւն ի կարեւորս կանոնը՝ անհրաժեշտ կարեւորին մէջ ամփոփուած, Ազատութիւն յերկբայականս՝ ամենէն ընդարձակ առումով գործածուած է, և այդ երկու հիմնական կանոններով միայն հնարաւոր կը կարծէ ապահովել ընդհանուր եկեղեցւոյ մեջ և մասնաւոր եկեղեցիներու միջեւ քրիստոնէական սէրը, որ է Սիրելութիւն յամենայնի:
Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, Հայոց Եկեղեցին, Տպարան Կաթողիկոսութեան Հայոց Կիլիկիոյ, Անթիլիաս–Լիբանան, 1952, էջ 98-99։
Leave a Reply