Պահչելի կը խոստանայ Ցեղասպանութիւնը ուրանալ Ֆրանսայի մէջ

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը հակասահմանադրական հռչակած էր Ցեղասպանութիւններու ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը, Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի հանդէպ հակազդեցութիւնները չեն մեղմացած, ու պաշտօնական մակարդակներու վրայ քաղաքական զանազան ուժեր պարբերաբար կը խօսին այդ մասին։

Թրքական լրատուամիջոցներ ուրբաթ` ապրիլ 6-ին, կը հաղորդեն, թէ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը այս կապակցութեամբ իր բողոքը պիտի արտայայտէ Փարիզի մէջ` կուսակցապետ Տեւլեթ Պահչելիի միջոցաւ, որ յառաջիկայ օրերուն Ֆրանսա եւ Աւստրիա պիտի այցելէ: Ան որոշած է Ֆրանսայի մէջ յայտարարել, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը տեղի չէ ունեցած։

http://asbarez.com/arm/127195/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ