Այսօր մինչեւ մայրամուտ պէտք է սեղան նստիլ

Արաբկիր համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Բաբգէն քահանայ Հայրապետեանը այսօր հրաւիրուած ասուլիսին ներկայացուց մայրութեան տօնի խորհուրդը:

Սուրբ Յարութեան տօնը քահանան ներկայացուց, իբրեւ քրիստոնէական ամբողջ հաւատքի առանցք:
«Զատկի տօնը մեր ամբողջ հաւատքի առանցքն է, Տիրոջ փրկութիւնը, Աստծոյ նախախնամութիւնը»,- ըսաւ ան եւ զգուշացուց. «Այսօր մինչ արեւը մայր մտնելը պէտք է սեղան նստել»:

Ապրիլի 7-ին Գաբրիէլ հրեշտակը աւետիս տուաւ Մարիամին, որ ան մանուկ մը պիտի ունենայ, եւ ան պիտի ջնջէ մարդկութեան մեղքերը:

«Մանրացուած Աստուած ծնուեց, մարդ դարձաւ եւ խաչի յարութեամբ նորից տուեց մարդուն դրախտ տեսնելու հնարաւութիւնը»,-շարունակեց քահանան եւ աւելցուց, որ Զատկի տօնը կը սկսի այսօր երեկոյեան ժամը 17:00-ին պատարագով, որուն մասնակցելէն ետք հաւատացեալները եկեղեցիներէն ճրագ տանելով տուն, այդ ճանապարհը պէտք է անցնին մաքուր հոգիով եւ ապաշխարին, այդ մէկը ըստ հոգեւոր հովիւի, ամենակարեւոր խորհուրդն է:

Քահանան նշեց, որ տօնին անոնք, որոնք 49-օրեայ պահքի մէջ են, իսկ վերջին օրը` արդէն ծոմի, երեկոյեան պատարագին մասնակցելէ ետք, երբ վարագոյրները կը բացուին, եւ կ’ըսեն «Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց», պէտք է տուն երթան եւ սեղանները բանան:

Ազգագրագէտ, նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցին ներկայացուց Յարութեան տօնի ժողովրդական ծիսակատարութիւնները: Ան նախ նշեց, որ մինչ քրիստոնէութիւն ընդունելը հայերը տօնը նշած են իբրեւ մինչ այդ մեռնող եւ յարնող աստուածութեան հետ, այսինքն` կապուած է Արա Գեղեցիկի հետ: «Բոլոր հին տօները կապուել են նոր տօների հետ»,- ըսաւ ան:

Յարութեան տօնին հին ժամանակներուն, բացի կանաչ ածիկէն, նաեւ տունը  զարդարած են բալենիի ճիւղերով, որոնց վրայ կախուած են աղջիկներու կողմէ գործուած հաւկիթներ: Ազգագրագէտը խորհուրդ կու տայ չհեռանալ ազգային սովորոյթներէն եւ անպայման տան վարսաւոր ուռենիի, կամ ժողովուրդի ըսած «փիսիկի» ճիւղերով զարդարեն ծառը, որ պէտք է 40 օր մնա տան մէջ:

Լուսիկ Ագուլեցին կը նկատէ, որ այսօր տօնի հոգեւոր մասը մնացած է, հակառակ անոր որ կենցաղը աւելցած է: Ան խորհուրդ կու տայ գոնէ այս տօնին չձգտիլ ճոխ սեղաններ պատրաստել: «Պէտք է ձեւապաշտութիւն չլինի։  Զատիկը միշտ համեստութիւն է սիրել»,-ըսաւ ան:

Բանախօսները նկատեցին, որ հաւկիթը պէտք է անպայման ներկուած ըլլայ եւ յատկապէս կարմիր գոյն, եւ ոչ թէ գունաւոր: «Կարմիր ձուն տիրոջ արիւնն է, իսկ ածիկը պէտք է դրուի, դա տիրոջ խօսքն է»,- ըսաւ ան:

http://tert.am/hy/news/2012/04/07/easter-today/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ