Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ ներկայացում` Պրոտուէյի մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «The silence» («Լռութիւնը») ներկայացումը Նիւ Եորքի մէջ պիտի ցուցադրուի Մայիս 4-ին:

Ըստ Broadwayworld.com կայքին՝ ներկայացումը կը պատմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրած կնոջ մասին, որ բռնած է գաղթի ճանապարհը` պահպանելու իր ընտանիքը եւ հայկական ժառանգութիւնը:

«Լռութիւնը» լոյս կը սփռէ այն պատմութիւններուն վրայ, որոնց Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք անցած 100 տարիները մեծ ազդեցութիւն ունեցած են: Անիկա կարծես ըլլայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ճիչը, որ կ’արթնցնէ պատմութեան «Լռութիւնը»: Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ ժամանակն է աշխարհին տեղեկացնելու, թէ իրականութեան մէջ ինչ տեղի ունեցած է»,- կը գրէ Broadwayworld:

Ներկայացումը Պրոտուէյի թատրոնին մէջ պիտի շարունակուի մինչեւ Մայիս 24:

http://tert.am/hy/news/2012/04/05/broadway/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ