Թուրքիոյ հիմնադրամներու գլխաւոր տնօրինութիւնը որոշում կայացուցած է 6 գերեզմանատներ ազգային փոքրամասնութիւններուն վերադարձնելու մասին:
Հիմնադրամներու խորհուրդը քննած է 5 համայնքներուն պատկանող գերեզմանատները վերադարձնելու մասին դիմումները եւ հիմնուելով 2011 Օգոստոսին ընդունուած հռչակագիրին վրայ, որոշում կայացուցած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»ը, այս որոշմամբ իրական տէրերուն կը վերադարձուին Պէյօղլու թաղամասի յոյն ուղղափառ եկեղեցին եւ դպրոցը, Սուրբ Հրեշտակապետ հայկական եկեղեցին, դպրոցն ու գերեզմանատունը, Քատըքէոյի Իսրայէլի սինակոկի հիմնադրամը վերադարձնել:
Յիշեցնենք, որ հռչակագիրը ստորագրուած էր 28 Օգոստոս 2011-ին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրդողանի կողմէ` քրիստոնէական ու հրէական եկեղեցիները եւ 1936-էն բռնազաւթուած գոյքը վերադարձնելու մասին: Ըստ այդ հրամանագիրին` փոքրամասնութիւններուն պէտք է վերադարձուին հիւանդանոցները, մանկատուները, դպրոցները ու գերեզմանոցներու տարածքները:
Leave a Reply