Մկրտիչ Խրիմեանի ծննդեան տարեդարձի առիթով հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը գրէ.
Ապրիլ 4ի այս օրը ծննդեան տարեդարձն է հայ ժողովուրդի անզուգական Հայրիկին՝ Ամենայն Հայոց 125րդ Կաթողիկոս Խրիմեան Մկրտիչին, որ հայոց հազարամեակներու պատմութեան ոսկեմատեանին մէջ իր վեհաշուք տեղը գրաւած է իբրեւ հոգեմտաւոր եւ ազգային-քաղաքական մեծագործ հեղինակութիւն, իբրեւ Հայ Հողին ու Հողի Մարդուն խորհուրդն ու արժէքը յաւերժացուցած Մկրտիչ Ա. Վանեցի։
Խրիմեան Հայրիկ ճակատագրուած էր 87 տարի ապրելու հայ ժողովուրդի արդի շրջանի ամէնէն ալեծուփ ժամանակաշրջանին։ Եւ Հայրիկը բառին բուն ու ամէնէն վաւերական իմաստով ապրեցա՛ւ իրեն շնորհուած կեանքի ժամանակաշրջանը եւ, ինչպէս որ սիրուած ժողովրդային երգը կը նշէ, «ծերացաւ՝ Ազգին համար խորհելով»…
Իր հոգեւոր ծառայութեամբ, իր ստեղծած գրականութեամբ, իր հրապարակագրական վաստակով, իր բանաւոր քարոզներով եւ ազգային, քաղաքական ու հասարակական եռանդուն գործունէութեամբ, Խրիմեան Հայրիկ աւելի քան վեց տասնամեակ առաջնորդող ներկայութի՛ւն եղաւ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Եղաւ հայոց մեծ դաստիարակը, որ իր վարակիչ օրինակով խորհրդանշեց Ազգին ու Հայրենիքին անսակարկ անձնուիրումը, հայոց ազգային ու տոհմիկ արժէքներուն անխաթար պահպանումը, Հայ Եկեղեցին եւ Հայ Միտքը դարաւոր գերութեան հետեւանք ուծացումէն ու այլասերումէն վերականգնելու եւ վերանորոգ թափով լուսաւորելու աննկուն պայքարը։
Ինչպէս Սիամանթօ կը մատնանշէ, «Ազատութեան ջահակիր»ը եղաւ Խրիմեան Հայրիկ, որ գլխաւոր երկու ուղղութիւններով յեղաշրջեց հայ իրականութիւնը։
Առաջին՝ դէպի Հայաստան Աշխարհը սեւեռեց միտքն ու հոգին արդի հայ մարդուն։ Իսկ Հայրիկի Հայաստանը բոլորէն լքուած եւ բռնակալներու ոտնակոխ հայկական գաւառն էր, հայ գեղջուկը՝ իր անհուն վիշտով ու անսահման բարութեամբ։ Հայրիկի յորդորներով հայ պանդուխտները տուն դարձի երազը սնուցանեցին իրենց հոգիին խորը։ Հայրիկի յանդիմանութիւններով իրենց քաղքենիական եւ ստրկամիտ արատներէն մաքրուելու ուղին գտան մեր ժողովուրդը առաջնորդելու կոչուած հոգեւորական թէ հասարակական գործիչները։ Հայրենի հողին վրայ վերախմբուելու եւ բազմանալու պատգամով պսակուեցաւ Հայրիկի ազգային մտածողութեան այբուբենը։
Երկրորդ՝ «Հերիսայի» եւ «Թուղթէ շերեփի» իր պատմական քարոզով՝ Խրիմեան Հայրիկ նոր դարաշրջան բացաւ հայ ժողովուրդին առջեւ։ Հայաստանը ոչ միայն իբրեւ հոգեմտաւոր տարածք, այլեւ ու առաջին հերթին իբրեւ աշխարհաքաղաքական իրականութիւն վերականգնելու ճամբան հունաւորեց՝ ազգային-ազատագրական պայքարի գաղափարական խարոյկը վառելով 1878ի Օգոստոսին, Պերլինի տխրահռչակ վեհաժողովէն իր վերադարձին։ Հայրիկի քարոզէն շունչ ու թափ առաւ «Միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն» պատգամող մեծագոյն իմաստութիւնը։
Քսաներորդ դարուն եկաւ ժամանակ, խորհրդային նորօրեայ խաւարամտութեան շրջան, երբ ազգային մեր բոլոր իրա՛ւ արժէքներուն հետ փորձ կատարուեցաւ նաեւ Խրիմեան Հայրիկի նշանակութեամբ մեծութիւնը արատաւորելու։ Բայց որքան ալ նորահաս սերունդներու ենթագիտակցութեան մէջ խորհրդային այդ թոյնը իր աւերը գործեց, այդուհանդերձ՝ հայրենի հայութիւնը արագօրէն կտրեց ինքնամաքրման դժուարին փուլը եւ երջանկայիշատակ Վազգէն Առաջինի օրինակով՝ իր մտքին ու հոգիին մէջ վերականգնեց Հայրիկի մեծ դաստիարակի անմահ պատուանդանը։ Այդ առումով ալ միայն կարելի է ափսոսալ, որ հայրենի հողի վրայ այսօր ալ կարելի է հանդիպիլ հայորդիներու, որոնք խորհրդային թոյնին վերապրուկներով կþուզեն նսեմացնել Հայրիկի ազգային-քաղաքական պատգամը, Խրիմեանը իբրեւ մեծ հայրենասէր ընդունելու, բայց իբրեւ քաղաքական գործիչ «վիպապաշտ» ու «լալկան» հռչակելու տխուր փորձերով…
Հայոց անզուգական Հայրիկը ծնած էր 4 Ապրիլ 1820ին՝ Վան։
Մանուկ տարիքէն հօրմէ որբացած էր եւ յանձնուած հօրեղբօր հոգատարութեան, որուն խրախուսանքով եւ օժանդակութեամբ կրցաւ ուսանիլ Լիմ եւ Կտուց անապատներու վանական դպրոցներուն մէջ։ Հակառակ իր ստացած հոգեւոր դաստիարակութեան, աշխարհական մարդու կեանք ընտրեց, ամուսնացաւ եւ իր ժամանակի բոլոր հայ երիտասարդներուն պէս 1843-ին պանդխտութեան գնաց Պոլիս, հոնկէ Եւրոպա երթալու եւ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց նիւթական դժուարութիւնները պատճառ եղան, որ ան մնայ Պոլիս եւ հայոց լեզուի ու պատմութեան ուսուցիչ դառնայ Խասգիւղի Հայոց Աղջկանց Վարժարանին մէջ։ Պոլիս իր կեցութեան վեց տարիները, ուսուցչութեան կողքին, Խրիմեան նուիրեց գաւառներէն եկած երիտասարդ պանդուխտներուն ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին։
Ոչ միայն իր երիտասարդութեան եւ աշխարհական կեանքի այդ շրջանին, այլեւ՝ այնուհետեւ եւս, թէ՛ 1853-1892 առաջնորդական եւ պատրիարքական իր պաշտօնավարութեան շրջանին, թէ՛ 1892-1907 Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան գահակալի իր վերջին տարիներուն, բառին ամէնէն ընդգրկուն եւ խոր իմաստով լուսաւորիչ մը եղաւ Մկրտիչ Խրիմեան։
Խրիմեան Հայրիկի կեանքին ու գործին մղիչ ուժն ու կենարար առանցքը դարձաւ հայրենի հողին պաշտամունքը, որմէ ներշնչուեցաւ հայկական գաւառը ամբողջական հոգածութեան տակ առնելու, պահպանելու եւ բարելաւելու իր հետեւողական ճիգը։
1853-ին, Վան վերադարձին, մահացած գտաւ մայրն ու կինը եւ անցաւ Աղթամար՝ հրաժեշտ տալով աշխարհական կեանքին։ 1854-ին ձեռնադրուեցաւ Վարդապետ եւ լծուեցաւ ուսուցչական ու գրական աշխոյժ գործունէութեան՝ հայրենի հողին կառչած մնալու, ազգային մեր ժառանգութեան տէր կանգնելու եւ հայոց անկախ պետականութեան աւանդները վերանորոգելու գաղափարները տարածելով։ Իր երազն էր Աղթամարը վերածել հայաստանեան «Վենետիկ»ի՝ իր վանական ուսումնարանով, տպարանով եւ թերթով։ Բայց Աղթամարի պահպանողական միաբանութիւնը խորթ աչքով սկսաւ նայիլ երիտասարդ Վարդապետին աշխուժութեան եւ Խրիմեան ստիպուեցաւ հեռանալ Աղթամարէն։ Հաստատուեցաւ Պոլիս, ուր գործուն մասնակցութիւն բերաւ Ազգային Սահմանադրութեան մշակման ու ազգային կեանքի ժողովրդական¬ժողովրդավարական ղեկավարման ի նպաստ ծաւալած բուռն պայքարին։ 1855ին լոյս ընծայեց «Արծուի Վասպուրական» ամսագիրը, որ առաջին բեմը դարձաւ ազգային իր մտածողութեան մշակումին ու հիմնաւորումին։ 1857ին կրկին վերադարձաւ Վան, բայց այս անգամ Վարագայ Վանքը հաստատուելու եւ – Պոլսէն իր հետ բերած տպագրական մեքենայով – «Արծուի Վասպուրական»ի հրատարակութիւնը շարունակելու, ինչպէս նաեւ ազգային արթնութեան եւ լուսաւորութեան ծառայող գիրքեր տպագրելու նպատակով։
1862-ին ընտրուեցաւ Տարօնի առաջնորդ եւ հաստատուեցաւ Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը, որ շուտով դարձաւ հայոց ազգային զարթօնքին ու ազատագրումի տենչերուն հոգեմտաւոր հնոցը։ Իր արժանաւոր սանին՝ Գարեգին եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի խմբագրութեամբ լոյս ընծայեց «Արծուիկ Տարօնոյ» թերթը, որ իր հայրենաշունչ եւ ազգայնաշունչ գաղափարներուն տարածման նոր բեմը դարձաւ հայկական նահանգներու ամբողջ տարածքին։
1868-ին իբրեւ Տարօնի Առաջնորդ մասնակցեցաւ Էջմիածնի մէջ կայացած Գէորգ Դ. Կաթողիկոսի ընտրութեան, որ առ ի գնահատանք Խրիմեանի բեղուն գործունէութեան՝ Եպիսկոպոսի աստիճան շնորհեց արդէն մեր ժողովուրդին կողմէ «Հայրիկ» անուանումին արժանացած մեծ հոգեւորականին։
Անսահման եղաւ Խրիմեան Հայրիկի վայելած ժողովրդականութիւնը ողջ հայութեան մօտ։ Եւ երբ 1869-ին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութիւնը ծագեցաւ, ժողովրդային բուռն ու միահամուռ պահանջով Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ Պատրիարք։ Այնքա՜ն մեծ էին Հայրիկին կապուած յոյսերը, որ Պետրոս Դուրեան, այդ ատեն տակաւին պատանի, բանաստեղծութիւն նուիրեց Հայրիկի ընտրութեան՝ գրելով.¬ «Ո՞վ է որ կու գայ. թագաւո՞ր մը. ո՛չ. սեւ սքեմ մը ուսին՝ հայոց հայրիկն է որ կու գայ»…
Բայց միայն երեք տարի Խրիմեան Հայրիկ դիմացաւ պատրիարքական պաշտօնավարութեան։ Պոլսոյ պահպանողական խաւին ու քաղքենի ղեկավարութեան ուղղուած իր սուր քննադատութիւնները, գումարուելով գաւառի հայութեան բարեկարգումին եւ զարգացումին ի սպաս ուժերը եւ միջոցները կեդրոնացնելու իր հետեւողական ճիգին վրայ, պատճառ դարձան պատրիարքական պաշտօնէն իր հրաժարումին։ Հայրիկ դարձեալ վերադարձաւ Վան, ուր նորովի թափով շարունակեց կրթական եւ գրական իր գործունէութիւնը։
Այդ շրջանին էր, 1878-ին, որ երբ Պերլինի Վեհաժողովին հայկական պատուիրակութիւն մը ղրկելու հնարաւորութիւնը ստեղծուեցաւ, Խրիմեան Հայրիկ ընտրուեցաւ պատուիրակութեան նախագահ եւ Պերլինի մէջ արժանաւորապէս ներկայացուց հայկական նահանգներու ինքնավարութեան պահանջները։
Հայոց ազգային-ազատագրական պայքարին հոգեւորական ռահվիրայի քարոզներն ու գործնական աշխատանքները աննկատ չանցան Համիտեան բռնակալութեան կողմէ եւ, տարիներու վրայ երկարած ազդարարութիւններէ ու կաշկանդումներէ ետք, Սուլթանի հրամանով Խրիմեան Հայրիկ Երուսաղէմ աքսորուեցաւ 1891-ին։ Բայց հազիւ տարի մը ետք, երբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան նոր գահակալի ընտրութեան կարիքը առաջացաւ, Խրիմեան Հայրիկ հայ ժողովուրդի միահամուռ պահանջով, ի բացակայութեան, ընտրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի գահակալ։
Քաջ Հովիւի պատմական ժառանգութիւն մը կտակեց Խրիմեան Հայրիկ՝ իբրեւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս։ Իր գահակալութեան առաջին տարիներուն զուգադիպեցան 1895-96-ի Համիտեան կոտորածները, որոնց դէմ բարձրաձայն եւ ազդու քարոզչութիւն ծաւալեց աշխարհով մէկ, յատկապէս ցարական իշխանութեանց մօտ՝ ջարդերու դադրեցման մէջ ռուսական ազդու միջամտութիւն պահանջելով։ Իր կաթողիկոսութեան շրջանին զուգադիպեցաւ նաեւ հայ եկեղեցապատկան կալուածներու բռնագրաւման 1903-ի ցարական տխրահռչակ հրամանագիրը, որուն դէմ հայ ժողովուրդի ծաւալած բուռն բողոքի շարժումին եւ անզիջող պայքարին խորհրդանիշը դարձաւ հայոց ծերունազարդ Հայրիկը։
Մինչեւ իր վերջին շունչը Խրիմեան Հայրիկ յաղթահասակ կանգնեցաւ հայ ժողովուրդի հոգեմտաւոր առաջնորդի իր բարձրութեան վրայ։
29 Հոկտեմբեր (Նոր տոմարով 10 Նոյեմբեր) 1907-ին վախճանեցաւ Խրիմեան Հայրիկ՝ հայ ժողովուրդի մտքին ու սրտին մէջ անզուգական իր բարձունքը նուաճած։ Հայրիկի աճիւնները իրենց մնայուն դամբարանը ունեցան Ս. էջմիածնի Մայր Տաճարի մուտքին։
http://www.tert.am/hy/news/2012/04/04/nazaret-berberian/
Leave a Reply