Թուրքիոյ մէջ 1909-էն մինչեւ այսօր 112 լրագրող սպաննուած է. 33-ը հայ

Թուրքիոյ մէջ 1909-էն մինչեւ այսօր 112 լրագրող սպաննուած է: Անոնց մէջ շատ են ազգութեամբ հայերն ու քիւրտերը:

«Ձերբակալուած լրագրողներու համերաշխութեան ամպիոն»ի մամուլի խօսնակ Նեճաթի Ապայ ներկայացուցած է 1909-էն մինչեւ հիմա սպաննուած լրագրողներուն ցուցակը: Թուրքիոյ մէջ սպաննուած առաջին լրագրողը եղած է Հասան Ֆեհմին, որուն մահուան օրն ալ` Ապրիլի 6-ին` կազմակերպութիւնը կը նշէ իբրեւ «սպաննուած լրագրողներու յիշատակի օր»:

6 Ապրիլ 1909-էն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ մէջ թիրախ են թրքական եւ քրտական լրատուամիջոցները, ընդդիմադիր թերթերն ու լրագրողները, ըսած է Ապայ: Լրագրողներուն մեծ մասը սպաննուած է 1970-ական, 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն:

Հայ գրողներու եւ լրագրողներուն մեծ մասը սպաննուած է 1915-ի ընթացքին, միակ բացառութիւն 19 Յունուար 2007-ին սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանտ Տինքն է, որ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած 33-րդ հայազգի լրագրողն է:

«24 Ապրիլ 1915-ին Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած եւ աքսորուած 220 հայ մտաւորականներուն մէջ 32 լրագրող եւ գրող կար: Անոնք բոլորն ալ սպաննուեցան աքսորի ընթացին՝ Գրիգոր Զոհրապ, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Արմէն Դորեան, Ռուբէն Զարդարեան: Անոնցմէ շատերուն գերեզմաններն անգամ յայտնի չեն: 19 Յունուար 2007-ին Սթամպուլի մէջ սպաննուած «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանտ Տինքը այդ թիւը 33-ի հասցուց», – ըսած է Նեճաթի Ապայ:

1990-1994 թուականներու ընթացքին 18 քիւրտ լրագրող սպաննուած է: 30 Մայիս 1992-ին ստեղծուած է եւ 1994 Ապրիլին փակուած «Ազատ օրակարգ» թերթը յարձակումներու թիրախին կը գտնուէր:

Կազմակերպութիւնը նաեւ հրապարակած է 112 հոգիէ բաղկացած ցուցակը:

http://tert.am/hy/news/2012/04/04/journalists-turkey/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ