Թուրքիա կը գտնուի անօրինակ դատավարութեան մը սեմին

Վաղը կը սկսի 12 սեպտեմբերի զինուորական հարուածին դատավարութիւնը

 Պիտի դատուին Քէնան Էվրէն ու Թահսին Շահինգայա

Աւելի քան երեսուն տարիներ անցան 12 Սեպտեմբեր 1980-ի զինուորական այն յեղափոխութեան վրայէն, որուն ձեռնարկած էին շրջանի Սպայակոյտի Նախագահ Զօրավար Քէնան Էվրէն ու իր ընկերները, որոնք այդ շրջանի Ուժերու Հրամանատարներն էին։ Զինուորական այս յեղափոխութիւնը իբրեւ թէ կատարուած էր ազնիւ նպատակներով, քանի որ այդ շրջանին երկիրը կը գտնուէր ահաբեկչական արարքներու ու խառնակութիւններու ահաւոր պայմաններու մէջ։ Բայց 12 Սեպտեմբերը աւելի վերջ դարձած էր մղձաւանջ մը։

Յեղափոխութեան հետքերը մինչեւ այսօր տեսանելի են մինչ այդ յեղափոխութեան գլխաւոր կազմակերպիչներէն միայն երկու հոգի մնացած է կեանքի մէջ, շրջանի Սպայակոյտի Նախագահ, ապա Հանրապետութեան Նախագահ Քէնան Էվրէն ու այդ շրջանի օդային ուժերու հրամանատար Թահսին Շահինգայա։ Աւելի քան երեսուն տարի վերջ ուրեմն այս երկուքը վաղը դատարանի դիմաց պէտք է ելլեն դատուելու համար 12 Սեպտեմբերի զինուորական յեղափոխութեան մէջ իրենց ունեցած գլխաւոր դերին համար։ Ասիկա կարեւոր հանգրուան մը ու նոյնքան կարեւոր անկիւնադարձ մըն է Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մէջ։

Երկու անձնաւորութիւններ, որոնք միջոց մը երկրին ամէնէն բարձր խաւերուն վրայ տիրապետեցին ու շատերու կողմէ ալ ծափահարուեցան, այժմ դարձած են ամբաստանեալ։ Յայտնի չէ թէ վաղը անոնք ներկայ պիտի գտնուի՞ն դատարանին մէջ, քանի որ երկուքին համար ալ կ՚ըսուի որ հիւանդ են։ Եթէ չկարենան ներկայ գտնուիլ, անոնց հարցաքննութիւնը պիտի կատարուի թէլէթոնի ձեւով։ Բայց այժմէն յայտնի է որ դատավարութիւնը բարձր աղմուկ պիտի բարձրացնէ, մանաւանդ որ յայտնի դարձաւ որ անօրինակ կերպով մեծաթիւ անձեր ու հաստատութիւններ վաղուան դատավարութեան համար ուզած են միջամուխ կողմ ըլլալ ու գանգատ ներկայացնել ամբաստանեալներուն դէմ։

Միջամուխ ըլլալ փափաքողներուն միջեւ կը գտնուին ընտանիքները քանի մը անձերու որոնք սպաննուեցան այն խառնակ ժամանակաշրջանին որ Թուրքիան առաջնորդեց դէպի զինուորական յեղափոխութիւն։ Ասոնց միջեւ են Տողան Էօզի, Փրօֆ. Ճավիտ Օրհան Թիւթէնկիլի, մեծանուն լրագրող Ապտի Իփէքճիի ընտանիքներուն անդամները։ Կ՚ըսուի որ միջամուխ ըլլալ ուզողներու թիւը արդէն հասած է 500ի։ Այս ընտանիքները կը հաւատան որ յիշեալ սպանեալները այդ շրջանին սպաննուեցան որպէսզի պատրաստուին 12 Սեպտեմբերի յեղափոխութիւնը արդարացնող պայմաններ։

Բացի ընտանիքներէ, քաղաքական կուսակցութիւններ ու կազմակերպութիւններ ուզեցին այս հետաքրքրական դատավարութեան մէջ միջամուխ ըլլալ ու պահանջատէրի դիրք գրաւել։ Այսպէս Ճէ-Հէ-Փէ, Պէ-Տէ-Փէ, Պէ-Պէ-Փէ, Տէ-Սէ-Փէ կուսակցութիւններն ու զանազան կազմակերպութիւններ յայտնեցին որ միջամուխ պիտի ըլլան որովհետեւ տուժած են 12 Սեպտեմբերի յեղափոխութենէն։ Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը կը գտնուի առաջին գծի վրայ, այս կուսակցութիւնը կը պատրաստուի հաշիւ պահանջել Քէնան Էվրէնէն։ Այդ շրջանին Ճէ-Հէ-Փէն փակուեցաւ, կուսակցապետները բանտ նետուեցան, կուսակցութեան ինչքերուն վրայ ձեռք դրուեցաւ։ “Եթէ մենք կողմ պիտի չըլլանք, ուրիշ ո՞վ պիտի ըլլայ” ըսած էր անցեալները կուսակցութեան այժմու առաջնորդ Քըլըճտարօղլու։

Քէնան Էվրէն ու ընկերները 12 Սեպտեմբերի յեղափոխութեան ընթացքին որպէս առաջին արարք հաշուեյարդարի ենթարկած էին Թուրքիոյ Ազգային Խորհրդարանը, ուստի հաւանական է որ այժն միջամուխ կողմ դառնայ նաեւ Թուրքիոյ Խորհրդարանը։ Խորհրդարանի Նախագահ Ճէմիլ Չիչէք երէկ Էն-Թի-Վի հեռատեսիլէն ուղղուած հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ որ այս ուղղութեամբ աշխատանք կը տարուի ու հաւանական է որ այսօր որոշում մը ընդունուի։

Հաղորդուած է սակայն որ Ա-Գէ-Փէ կառավարութիւնն ալ միջամուխ կողմ պիտի ըլլայ ու որպէս գանգատող՝ պիտի հետեւի դատավարութեան։

Դատավարութիւնը ուրեմն պիտի սկսի վաղը։ Տրուած ըլլալով որ տեղի նեղութիւն պիտի ըլլայ, սահմանափակ թիւով լրագրողներ ու ունկնդիրներ պիտի ընդունուին սրահէն ներս։

Դատավարութիւնը առաջին քայլ մը պիտի դառնայ հրապարակէն ու բոլոր ցուցատախտակներէն սրբելու համար անունները բոլոր անոնց որոնք այսպէս կամ այնպէս մասնակցած են զինուորական հարուածներու կամ զինուորական միջամտութիւններու։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2012
M T W T F S S
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
30  

Արխիւ