Սուրիոյ, Իսրայէլի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորել չկրնալը պայմանաւորուած է այդ երկիրներու յարձակողական եւ անզիջում կեցուածքով: Թուրքիոյ ուղղուած սադրանքներուն չպատասխանել չենք կրնար: Յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:
Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի տեղեկութիւններով՝ անդրադառնալով ընդդիմութեան կողմէ հնչող մեղադրանքներուն, թէ թրքական իշխանութիւնները տապալած են «0 խնդիր դրացիներու հետ» քաղաքականութիւնը, Տաւութօղլու յայտարարած է,- «Մենք ցուցադրութիւն չենք ըներ, յստակ քայլեր կ’առնենք»:
Թուրք նախարարի խօսքերով` «0 խնդիր»ի քաղաքականութիւնը արդիւնաւէտ է Յունաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիոյ, Ատրպէյճանի, Ռումինիոյ եւ Պուլկարիոյ հետ յարաբերութիւններուն:
«0 խնդիրի քաղաքականութեան հիմքը Աթաթուրքի խօսքերն են` խաղաղութիւն տան մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ: Բոլոր խնդիրները միեւնոյն ժամանակ հնարաւոր չէ լուծել: Յարաբերութիւններու զարգացման համար միայն մեր բարի կամքն ու ջանքերը բաւարար չեն: Մեր քաղաքականութեան յաջողութիւնը կախուած է նաեւ դրացիներու կեցուածքէն, յարաբերութիւններու վրայ ազդող պայմաններէն: Դրացիներու հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելուն ուղղուած մեր ցանկութեան վրայ չեն կրնար կատարուիլ անմեղ մարդոց վրայ բռնութիւն գործադրող, մարդու իրաւունքներու ոտնահարման պայմաններուն: Կամ մենք չենք կրնար մեր երկրին ուղղուած սադրանքներուն դէմ ոչինչ ընել»,- ըսած է ան:
Ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Իսմեթ Պոյուքաթաման՝ Տաւութօղլուի 0 խնդրի քաղաքականութիւնը համարած էր անոր ուժեղ երեւակայութեան արդիւնքը:
http://tert.am/hy/news/2012/04/23/davutoglu/