ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հիւսիսային Աղուանքի հայաբնակ եւ ուտիաբնակ բնակավայրեր եղած են Կապաղակ, Նիժ եւ շրջակայ գիւղերը:
Կապաղակ Աղուանքի մայրաքաղաքը եղած է, իսկ Նիժ ուտիաբնակ գլխաւոր երկու բնակավայրերէն մէկն է Վարդաշէնի կողքին:
Նիժի Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին նուիրական սրբատեղի է եւ ներկայիս Աղուանական առաքելական կոչուող եկեղեցւոյ աթոռանիստն է:
* * *
Կապաղակ կը գտնուի Մեծ Կովկասի լանջերուն, Տամիրափարանչայ գետի աջ ափին, 900 մեթր բարձրութեան վրայ եւ աւելի քան չորս հազար մեթր բարձրութեամբ Պազարտոզու, Պազարեուրտ եւ Թուֆանլի ձիւնածածկ գագաթներով շրջապատուած է:
Հին Կապաղակի աւերակները կը գտնուին ներկայ Կապաղակ (Կապալա) քաղաքէն քիչ հեռու եւ եղած է պարսպապատ ու ամրոցանման:
Կապաղակ պատմութեան մէջ յիշուած է Ն.Ք. Դ. դարէն: Աղուանից առաջ գահակալները զայն իրենց մայրաքաղաքը ըրին: Հետագային մայրաքաղաքը Չող փոխադրուեցաւ, բայց այնուհետեւ Կապաղակ շարունակեց մնալ մայրաքաղաք:
Սասանեան Պարսկաստան եւ Բիւզանդիոն 387-ին Հայաստանը բաժնեցին իրենց միջեւ: Պարսիկներ Արցախը եւ Ուտիքը Աղուանքի միացուցին եւ Աղուանից մարզպանութիւնը հիմնեցին Կապաղակ մայրաքաղաքով: Հետագային, 462-ին մարզապանութեան կեդրոնը Պարտաւ փոխադրուեցաւ:
Արաբական տիրապետութեան հաստատումէն ետք, Է. դարուն, Աղուանք խալիֆայութեան Արմինիա երկրամասին միացուեցաւ: Կապաղակի եւ շրջակայքին մէջ իսլամական համայնքներ կազմաւորուեցան:
Վրաց Դաւիթ Դ. թագաւոր 1120-ին գրաւեց Կապաղակը: Մոնկոլ թաթարական արշաւանքներու պայմաններուն տակ քրիստոնեաներուն թիւը նուազեցաւ եւ իսլամութեան տարածումը լայն ծաւալ ստացաւ: Լենկթիմուր 1386-ին գրաւեց եւ աւերեց Կապաղակը:
Սեֆեան Պարսկաստանի շահ Թահմասպ Ա. 1538-ին գրաւեց Կապաղակը: Իսկ Նատիր շահ 1734-ին նուաճեց շրջանը: Նատիր շահի սպանութենէն ետք, 1747-ին կազմաւորուեցաւ Կուտկաշէնի սուլթանութիւնը:
Կուտկաշէնի կամ Կապաղակի սուլթանութեան գահակալներէն յիշուած են Հաճի Սաֆի Սուլթան, Քալպալի Սուլթան եւ Հաճի Նասրուլլահ:
Կապաղակի սուլթանութիւնը 1813-ին Ռուսական կայսրութեան միացուեցաւ:
Կապաղակ ջրառատ քաղաք է: Գրեթէ ամէն տուն ունի իր բակէն վազող ջուրեր, իսկ Եօթը չքնաղ կոչուող ջրվէժը եօթը ուղղութիւններով կը հոսի:
Ամբողջ քաղաքը տանձի, խնձորի, դեղձի, սալորի, զղեարի, թութի, կեռասի, սերկեւիլի, ընկոյզի եւ շագանակի ծառաստաններով եւ անտառներով շրջապատուած է, իսկ Կապաղակի արքայակաղինը անուանի է իր մեծութեամբ եւ բարակ կեղեւով:
Կապաղակէն քիչ հեռու Նոհուր լիճն է:
Կապաղակի բնակիչները քրիստոնէութենէ իսլամացուած եւ թրքախօս դարձած են:
* * *
Նիժ կը գտնուի Կապաղակէն քսան քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, 423 մեթր բարձրութեամբ դաշտավայրի մը մէջ:
Նիժ, շուրջ ութ հարիւր տուն բնակչութեամբ, եղած է Կապաղակ գաւառի ամենամեծ եւ շէն գիւղերէն: Բնակիչները` ուտիներ եւ ուտիախօս, հայադաւան, յիշուած են իբրեւ ջերմեռանդ հաւատացեալ, հիւրասէր, ժիր, գործունեայ, աշխուժ եւ որսորդ հաւաքականութիւն: Անոնց քաջութեան հռչակը տարածուած էր ամէնուրեք:
Նիժեցիք 1724-1725 տարիներուն ռուսաց Մեծն Պետրոս կայսրին նամակներ գրեցին եւ օգնութիւն խնդրեցին իսլամ թաթարներու տիրապետութենէն ազատագրուելու համար:

Նիժ բաղկացած է չորս թաղերէ: Վերին թաղ կամ Մալբէլ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով եւ շուկայով: Միջին թաղ կամ Պիծիլու, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցիով: Ներքին թաղ կամ Դարաբաղ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով: Վերջին թաղ կամ Ղոջաբէկլու, Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցիով:
Նիժի մէջ կը գործէր Սուրբ Մեսրոպեան դպրոցը` մէկ ուսուցիչով եւ քանի մը տասնեակ աշակերտով:
* * *
Վերին կամ Մալբէլ թաղը տարածուած է Նիժի հիւսիսային կողմը: Սուրբ Աստուածածին եռանաւ գմբէթաւոր ընդարձակ եւ շքեղ եկեղեցիին կառուցումը սկսաւ 1890-ին:
Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքի բարաւորին քանդակուած է խաչ, հետեւեալ արձանագրութեամբ. Ի 1890 թ(ուի)ն սկսուեց այս Նիժ գիւղի Վեր(ին) թաղիս Ա(ստուա)ծածին եկեղեցւոյ շինութիւնը հասարակութ(եա)ն ծախքով, աւ(արտ) 189 . թ.»:
Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքին ձախ կողմը, պատին վրայ նկարուած է Սուրբ Էջմիածնի Մայր տաճարը եւ անոր շրջակայ շինութիւնները` հետեւեալ արձանագրութեամբ. «… Էջմիածնի յիշատակ է Զանի Գալուստեան… որդի Առաքել Վեզիբեանից, 1914 թ. հոկտ(եմբեր)»:
Եկեղեցւոյ արեւելեան եւ հարաւային կողմը ընդարձակ գերեզմանոցն է:
Գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են նիժեցի իշխաններու աճիւնները: Տապանաքարերուն վրայ արձանագրուած է.
«Այս է տապան զառամեալ ծերունին իշխան նիժեցւոյ Պօղոս Մատթէոսեանին, լոկ ասուի անուն իմ աշխարհին ազկաւ Լուսաւորչին, ուտիախօս ցեղին, ձգողն է տապանիս քարին Մինաս թոռն սորին վախճ. 1877 ամի 2 մարտի»:
«Այս է տապան Մարկոս Աղաջանեանիս, իշխան նիժեցւոյ ուտիախօս ցեղիս, ազգաւ հայ դաւանող Լուսաւորչիս»:
* * *
Միջին կամ Պիծիլու թաղը, կոչուած նաեւ Տարամահլա, Նիժի ամենահին թաղն է:
Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին կառուցուած է Սուրբ Եղիշէ առաքեալի աշակերտ Վլաս նահատակի գերեզմանին վրայ:
Նիժի երկարամեայ հովիւ Տէր Աստուածատուր քահանայ Ենգիբարեան Ջոդանեանց 1823-ին նորոգեց եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին արձանագրուած է. «Կառուցեալ ի յայս եկեղեցի անուամբ ս(ր)բուն Եղիշէի, հալալ արդեամ(բ)ք Ենգիբարեան Տ(է)ր Ա(ստուա)ծատուր ք(ա)հ(ա)ն(ա)յ եւ եղբայր Յօհանի Լուսաւորչական»:
Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ հետագային քահանայագործեց Տէր Աստուածատուր քահանային թոռը` Տէր Աւետիք քահանայ Օհանջանեան Ջոդանեանց, որուն 1859-ին յաջորդեց Տէր Յովհաննէս քահանայ Տէր Աստուածատրեան Ջոդանեանց: Հետագային իբրեւ եկեղեցւոյ հովիւ յիշուած է Տէր Համբարձում քահանայ Աւագեան Դալլաքեանց: Եկեղեցին 1879-ին վերանորոգուած է նիժեցիներու ջանքերով:
Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին 2004-ին կրկին նորոգուեցաւ եւ հայկական բոլոր արձանագրութիւնները ոչնչացուեցան: Նաեւ եկեղեցին շրջապատող գերեզմանաքարերու հայերէն գրութիւնները ջնջուեցան:
Եկեղեցին պիտակաւորուեցաւ իբրեւ աղուանական, եւ ինքնահռչակ Աղուանական առաքելական եկեղեցւոյ աթոռանիստ հռչակուեցաւ:
* * *
Ներքին կամ Դարաբաղ թաղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1869-ին, իշխան Գալուստ հարիւրապետի նուիրատուութեամբ: Յիշատակարանի մը մէջ արձանագրուած է. «Նիժ ասացեալ գիւղում ուտիաբարբառ ազգասէր Գալուստ իւզբաշին իւր հայրենի հետուց ընթացակից լինելով, ցոյց տուաւ նորերումս իւր ջերմեռանդութեան գովելի պտուղը, կանգնելով իւր սեպհականութիւնից մի գմբէթաձեւ փառաւոր կոփածոյ քարամբք եկեղեցի. այս ազգասիրի ջերմեռանդութեան, ցոյցը տեսնելով, եւ փոխանորդ արժանապատիւ հայր Արիստակէս վարդապետը, նորա ազգասիրական եւ Աստուածահաճոյ ձեռնարկը օրհնելէն զկնի, յորդորեց, որպէս զի կատարելագործէ իւր բարեգործութիւնը, յաւելլով ի վերայ` եւ մի վարժարան նոյն իսկ եկեղեցւոյ պարսպի մէջ ուտիախօս մանկտեաց դաստիարակութեան համար»:
Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Սուրբ Մեսրոպեան դպրոցը բացուած է 1876-ին եւ անխափան գործած շուրջ 75 տարի:
* * *
Վերջին թաղը կը գտնուէր Նիժի հարաւային կողմը:
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին կառուցումը սկսած է 1866-ին եւ աւարտած 1869-ին: Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքի բարաւորին վրայ արձանագրուած է. «Ռստակեանց յիշատակ կենդանեաց եւ ննջեցելոց իւրեանց հիմնեցաւ ի թուին հայոց ՌՅԺԵ (1866), աւարտեցաւ ՌՅԺԸ (1869)»:
* * *

Նիժեցի ուտիներէն անուանի դարձաւ ազգային ազատագրական շարժման գործիչ Սարգիս Կուկունեան:
Սարգիս Կուկունեան, բուն ազգանունով` Աւետիսեան, որդի Մովսէսի, ծնած էր 23 յունուար 1863-ին, Նիժ: 1877-ին մտաւ Էջմիածնի Գէորգեան ճեմարանը, ուրկէ հեռացուեցաւ 1883-ին, ուսանողական խռովութիւններուն մասնակցած ըլլալու յանցանքով: Այնուհետեւ փորձեց Երեւանի ուսուցչական սեմինարիան մտնել, բայց չընդունուեցաւ: Յետոյ Թիֆլիսի զինուորական դպրոցը մտաւ, սակայն հոն ալ երկար չմնաց եւ փորձեց Ներսիսեան դպրոցը ընդունուիլ, բայց մերժուեցաւ:
Ի վերջոյ ան իր Աւետիսեան ազգանունը Կուկունեանի փոխելով ընդունուեցաւ Ներսիսեան դպրոցը: Անոր ուսման համար Պաքուի Մարդասիրական ընկերութիւնը ամսական տասը ռուբլի կը յատկացնէր:
Կուկունեան 1884-ին Պաքու մեկնեցաւ եւ ուսուցչութեան նուիրուեցաւ: Ուսման ծարաւը զայն տարաւ Պետերբուրգ, ուր համալսարանի իրաւաբանական բաժինը ընդունուեցաւ: Սակայն շուտով իրաւաբանական բաժինէն հեռանալով Արեւելեան լեզուներու բաժինը ընդունուեցաւ:
Սարգիս Կուկունեան համակուած էր Երկիր անցնելու եւ թրքական բռնատիրութեան դէմ կռուելու գաղափարով, եւ 1890 մայիսին քանի մը ընկերներով մեկնեցաւ Թիֆլիս:
Թիֆլիսի եւ այնուհետեւ Ալեքսանդրապոլի մէջ արշաւախումբ կազմուեցաւ:
Սարգիս Կուկունեան իր 107 հոգինոց արշաւախումբով 23 սեպտեմբեր 1890-ին անցաւ ռուս-թրքական սահմանը: Սահմանին վրայ արշաւախումբը կռուի բռնուեցաւ թրքական զօրքերուն դէմ: Առանց սնունդի եւ զինամթերքի մնացած խումբը վերադարձաւ ռուսական սահման: Կուկունեան եւ իր խումբին մէկ մասը` 43 հոգի, ձերբակալուեցաւ, իսկ միւսները յաջողեցան ճողոպրիլ:
Ձերբակալուածները շղթայակապ փոխադրուեցան Կարսի բանտ: Դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ 1893-ին: Կուկունեան քսան տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուեցաւ: Կուկունեան եւ իր ընկերները 1895-ի գարնան շղթայակապ Սիպերիա աքսորուեցան:
Սարգիս Կուկունեան Սախալինի մէջ աքսորական հայուհի մը գտաւ եւ հետը ամուսնացաւ. ունեցաւ հինգ զաւակ:
Ռուս-ճափոնական պատերազմը սկսաւ 1904-ին, եւ Կուկունեան կամաւոր արձանագրուեցաւ ռուսական բանակին: Ցուցաբերած արիութեան համար պատերազմի աւարտին ան ազատ արձակուեցաւ եւ 1906-ի օգոստոսին հասաւ Թիֆլիս, իսկ հոկտեմբեր 30-ին վերադարձաւ հայրենի ՆիԺ գիւղ:
Նիժի մէջ ան սկսաւ պայքարիլ հարուստներու եւ
վաշխառուներու կողմէ կեղեքուող գիւղացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընկերային արդարութեան համար:
Յեղափոխական պայքարը զայն տարաւ Պաքու, ուր 1909-ին ձերբակալուեցաւ եւ Նոր Նախիջեւան աքսորուեցաւ: Սակայն շուտով դատարանը արդարացուց Կուկունեանը, որ կալանքէն ազատուելով դարձեալ Պաքու տեղափոխուեցաւ: Տարի մը ետք, 1910 հոկտեմբերին, սպանութիւն եւ ահաբեկչութիւն կազմակերպելու կեղծ մեղադրանքով Կուկունեան դարձեալ ձերբակալուեցաւ եւ 1911-ի նոյեմբերին Գանձակի մէջ կայացած դատավարութեան ընթացքին տասնհինգ տարուան տաժանակիր աշխատանքի դատապարտուեցաւ: Ժամանակ մը Գանձակի բանտը մնալէն ետք, Կուկունեան 4 փետրուար 1912-ին ընկերներու աջակցութեամբ յաջողեցաւ փախուստ տալ: Բայց տասնեօթը օր ետք Նորատուս գիւղին մէջ բռնուեցաւ եւ կրկին Գանձակի բանտ տեղափոխուեցաւ:
Շատ չանցած զայն Օրիոլի բանտը տեղափոխեցին, ուր թոքախտէ վարակուած Սարգիս Կուկունեան 26 նոյեմբեր 1913-ին կնքեց իր մահկանացուն:
* * *

Կապաղակի, Նիժի եւ շրջակայքի հայերն ու ուտիները թաթար իսլամ ցեղերու տեւական յարձակումներուն ու բռնութիւններուն ենթարկուած էին: Կարգ մը գիւղեր իսլամացուած էին եւ կորսնցուցած իրենց հայկական եւ ուտիական քրիստոնէական դիմագիծը, բայց Կապաղակ, Նիժ եւ Վարդաշէն յաջողած էին պահպանել իրենց ինքնութիւնը:
Ռուսական 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ: Իշխանութիւն չէր մնացած, եւ թաթար ցեղախումբերը, սպառազինուած, սանձարձակ յարձակումներ կը գործէին հայկական եւ ուտիական բնակավայրերուն վրայ:
Ազգամիջեան եւ քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն տակ Նիժ մեկուսացած էր եւ գրեթէ շրջափակուած: Թաթարներ վայրագ յարձակումներ շղթայազերծեցին Նիժի վրայ եւ բռնութիւններով ու սպանութիւններով ստիպեցին գիւղացիներուն հեռանալու շրջանէն: Ազրպէյճան արհեստածին պետութեան կազմաւորումէն ետք ալ Նիժի եւ շրջակայքին դէմ յարձակումները շարունակուեցան, մինչեւ որ 1920-ին խորհրդային իշխանութիւն հաստատուեցաւ եւ այլ վայրեր տեղափոխուած նիժեցիները վերադարձան հայրենի գիւղ:
Նիժ ներկայիս շուրջ վեց հազար բնակչութեամբ եւ մեծամասնութեամբ ուտիաբնակ գիւղ է:
Leave a Reply