Բռնագրաւուած հայկական կալուածին տնօրինումի այս փոփոխութիւնը սադրանք մըն է կիպրահայութեան եւ առհասարակ ամբողջ հայութեան դէմ․ հաղորդագրութիւն

Կիպրոսի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները խստօրէն կը դատապարտեն թրքագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսի տարածքին մէջ գտնուող հայկական Մելիքեան-Ուզունեան Վարժարանի եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ 7 Նոյեմբեր 2023-ին տեղի ունեցած միջոցառումը, որ կը միտի հայոց պատկանող կալուածին վրայ թրքական «կրթական-գիտական» հաստատութիւն մը հիմնել: Այս «կրթական-գիտական» հաստատութիւնը կը ֆինանսաւորուի թրքական անօդաչու սարքեր արտադրող «Baykar» ընկերութեան կողմէ, որուն արտադրանքը իր չարաբաստիկ մասնակցութիւնը ունեցաւ 2020-ին Արցախի դէմ մղուած պատերազմին:

Բռնագրաւուած հայկական կալուածին տնօրինումի այս փոփոխութիւնը սադրանք մըն է կիպրահայութեան եւ առհասարակ ամբողջ հայութեան դէմ եւ կ’ապացուցէ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրացող Թուրքիան կը շարունակէ իր ոտնձգութիւնները հայութեան եւ հայկական կալուածներու հանդէպ:

ՌԱԿ Կիպրոսի Շրջանային Վարչութիւն
ՍԴՀԿ Կիպրոսի Շրջանի Վարիչ Մարմին
ՀՅԴ Կիպրոսի Կոմիտէ

https://yerkir.am/hy/article/2023/11/23/21406

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930  

Արխիւ